Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացիութիւն ունեցող պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին Լոնտոնի մէջ հարցազրոյց տուաւ BBC հեռատեսիլի ընկերութեան՝ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով Մինսկի մէջ իր ձերբակալութեան եւ Պաքու արտայանձնման մասին:
«Մանրամասնօրէն պատմեցի, թէ ինչպէ՛ս զիս ձերբակալեցին Պելոռուսի մէջ, բանտի պայմաններուն մասին, կաշառքի եւ կոպիտ վերաբերմունքի մասին եւ այն մասին, թէ ինչպէս ինծի համար Ատրպէյճանի նախագահի կնոջ օդանաւը ուղարկեցին ու շատ այլ մանրամասնութիւններ», ըստ «Ռազնինֆօ»ի՝ «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Լափշին: