ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը իր երաժշտական առաքելութեան կողքին՝ 2014ին հիմը դրաւ «Հայք» հայագիտական լսարանին։ Սա շաբաթօրեայ դասախօսութիւններու շարք մըն է, որ կը տրուի հետաքրքրուող ուսանողներու համար, ամէն Շաբաթ օր առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէսօր։ Չորս նիւթեր կը դասաւանդուին հայր Տաճատ Եարտըմեանի եւ Վաչէ Պարսումեանի կողմէ. Ոսկեղնիկ գրաբար լեզու, Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ աստուածաբանութիւն, Հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան պատմութիւն, իսկ 2016էն սկսեալ, մասնակիցներու խնդրանքով կը դասաւանդուի նաեւ Հայ երաժշտութեան ներածութիւնը՝ հայ երաժշտութեան տեսական եւ գործնական երեսակներով։
Այսպէս, այս պատուաբեր ծրագիրը հետամուտ է ծանօթացնել եւ ուսումնասիրել մեր մշակոյթը, զայն պահպանելու եւ փոխանցելու նպատակով։ Դասախօսութիւնները կը վերբերեն հայ մշակոյթի հզօր ժառանգութիւնը եւ լուսարձակի տակ կը դնեն միջազգային մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան ձեռքբերումները, զանոնք քննարկելով համեմատական արժէքային համակարգով։
Դասերու ընթացքին ուսանողները կը ծանօթանան Ոսկեդարու տիտաններէն՝ Կորիւնի, Մ. Խորենացիի, Փ. Բիւզանդի, Եզնիկի եւ այլոց գործերուն, անցնելով միջնադարու հսկաներու՝ Ա. Շիրակացիի, Գ. Նարեկացիի, Գ. Մագիստրոսի, Ն. Շնորհալիի եւ այլոց հանճարի քննարկումներուն, ընդհուպ սերտելով Ն. Քուչակի, Ն. Յովնաթանի, Սայաթ Նովայի եւ այլ բանաստեղծներու ու երաժիշտներու գործերը, ապա հասնելով մինչեւ Կոմիտաս եւ քսաներորդ դարու հայ մշակոյթի ականաւոր գործիչներ։
Կոմիտասի գործերու ունկնդրութիւնը եւ անոնց մեկնաբանութիւնները հայութեան վաղնջական արժէքներու ազնիւ եւ նուիրական հանճարը կը հաստատագրեն ուսանողներու հոգիներուն մէջ։ Ահա այս հոգեպարար դասախօսութիւններուն ընդմէջէն, ուսանողներս կը ջերմանանք եւ կը հպարտանանք մեր ժողովուրդի անմեռ մշակներու սխրանքներով՝ անգամ մը եւս անդրադառնալով մեր հարուստ ու անանցանելի ժառանգութեան բարձր յատկանիշներուն։
Դասընթացքը աւելի հետաքրքրական եւ յագեցուած է՝ շնորհիւ հիւր դասախօսներու մասնակցութեան, յատկապէս ճարտարապետութեան եւ գրական բնագաւառներու մասնաւոր զեկուցումներով։
Հետաքրքրուողներ կրնան հեռաձայնել «Լարք»ի գրասենեակ՝ 818-500-9997 թիւով։
«ՀԱՅՔ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ