ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն Դեկտեմբեր 9ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, որ գումարուած է ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային (ՔԿ) 22րդ ժողովը, որուն ընթացքին քաղաքի շուրջ 100 ներկայացուցիչներ քննած են ՔԿի երկամեայ գործունէութիւնը:
Ժողովը հաստատած է «ՀՅԴի նկատմամբ երեւանցիների վստահութիւնն ամրացնելու, զարգացող Երեւանի, պաշտպանուած երեւանցու համար լրացուցիչ ջանքեր գործադրելու» իր յանձնառութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:
ՀՅԴ Երեւանի կառոյցը լիարժէք կերպով պիտի օգտագործէ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններն ու գործառոյթները՝ շօշափելի ներդրում ունենալու Երեւան քաղաքի եւ երեւանցիներու համար կենսական հարցերու բարձրաձայնումին ու լուծման, նպաստելով մայրաքաղաքին մէջ ընկերային արդարութեան եւ հանրային համախոհութեան մթնոլորտի ձեւաւորման:
Երեւանի հարցերուն շուրջ տեսակէտներու բիւրեղացման եւ համախոհներու շրջանակը ընդլայնելու նպատակով ՔԿն պիտի նախաձեռնէ հանրային-քաղաքական խորհրդակցութիւններու, կլոր սեղաններու շարքի մը՝ համագործակցութեան եզրեր գտնելու համար մայրաքաղաքի հարցերով մտահոգ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հասարակական-քաղաքական, քաղաքացիական ուժերու հետ: Ճշդուած առաջնահերթութիւններու եւ համաքաղաքային հնչեղութիւն ունեցող հարցերու շուրջ ՔԿն, ըստ կարելիութեան, գործակցութեան ձեւաչափեր պիտի որդեգրէ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին հետ:
Քաղաքային ժողովը աւարտին ընտրած է ինը հոգինոց Քաղաքային նոր կոմիտէ:
ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուած է Խաչատուր Ստեփանեան: