ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Բառ մը, որ սիրեց ըմբոստանալ…
Արտաքինով հեզ է անիկա, հլու եւ հնազանդ, համեստ եւ հպատակ: Նաեւ՝ ցած, ստորին, անշուք եւ վար: Այս հոմանիշները, յարգելի՛ ընթերցող, չգործածեցինք ստորացնելու համար բառ մը, որ հազար հինգ հարիւր տարի հաւատարմօրէն ծառայեց հայոց լեզուին, ողբակից եղաւ մեր «խոնարհած» քաղաքներուն եւ տաճարներուն, դարձաւ «խոնարհազարդ», «խոնարհագոյն» եւ «խոնարհամիտ»: Վերջինին, 1261 թուականին, արժանացած էր Խաչենի Աթաբակ իշխանը՝ «Այր խոնարհամիտ», Գանձասար վանքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար: Բառը նոյնիսկ երկինք բարձրացաւ որպէս ջերմեռանդ աղօթք, ինչպէս Նարեկացին կը մրմնջէր.
«Որդի անճառ մեծիդ Աստուծոյ,
Խոնարհեցո՛ զունկն քո»:
Մեր գրականութիւնը՝ հոգեւոր տաղաչափութենէն մինչեւ պատմական երկեր, խոհական բանաստեղծութիւններէն մինչեւ աշուղական երգեր, դիմեց «խոնարհ» բառին ու ստեղծեց պատկերալից նկարագրութիւններ, ինչպէս՝ «խոնարհեալ բարձրութիւն», «խոնարհ ծառայ», «խոնարհ աչքեր», «խոնարհուած եկեղեցի», «խոնարհ ծաղիկ»: Բառը նաեւ դարձաւ Ակսել Բակունցի պատմուածք՝ «Խոնարհ Աղջիկ», եւ Ստեփան Ալաճաճեանի վէպ՝ «Եղէգները Չխոնարհուեցին»: Եղիշէ Չարենցը այս բառով բարեւեց հայաշխարհը կերտած վարպետներուն. «Եւ վարպետներ, խոնարհ ու հանճարեղ»:
Մեր խոնարհած բանաստեղծներէն մէկը եղաւ Վահան Տէրեանը. «Ես հասկանում եմ քո խենթ աչքերի հրեղէն լեզուն, խոնարհ եմ լինում ես՝ որպէս գերի»: Խոնարհեցաւ նաեւ անոր սիրտը.
«Ես մի ճամբորդ եմ մթնում մոլորուած,
Ու հոգնած սիրտըս դարձել է խոնարհ»։
Երկար դարեր հայը յարգեց անոր խորհուրդը ու անսաց: Քերթող Ներսէս Անձնապատցի վարդապետը խրատական քառեակ մը յօրինեց եւ զգուշացուց մեզ՝ անխոնարհութեան հետեւանքներէն.
«Ոմանք հպարտ եւ անխոնարհ
Եւ ի յաղօթս ծոյլ եւ տկար,
Նոցա փակեալ է դուռն երկնից,
Ոչ վայելեն շնորհս անճառ»:
Միջնադարուն հայուհիներ սկսան այս բառը ընդունելու որպէս անուն՝ «Խոնարհ»: Անիկա նաեւ միանալով արաբերէն «մելեք»ին, այսինքն՝ «հրեշտակ» բառին, յառաջ բերաւ Խոնարհ-Մելեք անձնանունը, որուն բարբառային ձեւն էր «Խունարմելեք»։ Ըստ պատմական աղբիւրներու՝ ձեռագիրի մը մէջ յիշատակուած է «տիկին Խունարմելեք» մը, Ծերի կին, տանուտէր Սատաղայի մեծ մայրը: Այժմ կան հայուհիներ, որոնք իբրեւ անուն կը կրեն բառին փաղաքշական տարբերակը՝ «Խոնարհիկ»:
Խոնարհ գտնուեցան նաեւ… աշուղները: Գարեգին Լեւոնեան նկատեց այս երեւոյթը եւ անմիջապէս զայն նշեց 1892ին իր ծննդավայրի՝ Ալեքսանտրապոլի մէջ լոյս ընծայած «Հայ Աշուղներ» աշխատասիրութեան մէջ. «… Աշուղը առհասարակ լինում է խոնարհ, սրամիտ եւ վառվռուն մարդ… Խոնարհ են՝ որովհետեւ խնջոյքներում կամ մի որ եւ է մարդաշատ տեղերում համեստ՝ քաղցրաբարոյ, եւ համբերող կը լինեն՝ միշտ չէզոք մնալով»: Կը ներէ՛ք, չներկայացուցի մեր յարգելի հեղինակը: Գարեգին Լեւոնեան, ուսումով նկարիչ-պատմաբան էր, արուեստաբան, Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ գեղարուեստի պատմութեան եւ նկարչութեան դասախօս, ինչպէս նաեւ՝ «Գեղարուեստ» պատկերազարդ հանդէսի հրատարակիչ: Անշուշտ պէտք է նաեւ յիշել, թէ ան որդին էր սիրուած գուսան Ճիւանիի ու յաճախ իր հօրը հետ երթ ու դարձ կ՛ըներ Թիֆլիս ու Ալեքսանտրապոլ, ներկայ կ՛ըլլար աշուղական հաւաքոյթներու եւ ականատես կ՛ըլլար անոնց կենցաղին ու բնաւորութեան:
Հայկական մատենագիտութեան պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ մէկ այլ տեղեկութիւն. «Խոնարհ» բառը 1853ին արժանացաւ Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակիչ վարդապետներու յատուկ ուշադրութեան: Այդ թուականին, Վիեննայի մէջ առաջին անգամ լոյս տեսաւ գիրք մը, որուն անուանաթերթին վրայ այս բառը գրաւեց կեդրոնական տեղ՝ խոնարհաբա՛ր, անշուշտ: Այդ գիրքը կը կոչուէր «Ոսկի Գրքոյկ Կամ Գործնական Խոնարհութիւն»: Իսկ 1900ին, բառիս հանդէպ նոյն ազնուութիւնը ցոյց տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տպարանը: Հոն լոյս տեսաւ ութ էջնոց համեստ հրատարակութիւն մը. «Մկրտիչ խոնարհ ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի, հայրապետ եւ հովիւ ընդհանուր Հայաստանեայց սուրբ եւ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատացեալ հօտին Քրիստոսի եւ անարժան սպասաւոր՝ տանն Աստուծոյ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի, նախակարգեալ Մայր Աթոռոյ Սուրբ Գրիգորի հօրն մերոյ Լուսաւորչին», այլ խօսքով՝ «Մկրտիչ խոնարհ ծառայ»:
Բայց, յարգելի՛ ընթերցող, օր մը, վարդապետներուն քարոզած «խոնարհութիւն» եւ «խոնարհամտութիւն» բառերը յարմար չեկան հայութեան: Բառ մը, որ ձեւաւորած էր մեր ազգին նկարագիրը, դարձաւ այպանելի՛: Ազգային ազատագրական պայքարի օրէրն էին անոնք: Այդ օրերուն վերելք ապրեցաւ «խոնարհ»ին ընմբոստ երկուորեակը՝ «անխոնարհ»ը: Ռաֆֆին էր այդ ժամանակաշրջանի գլխաւոր գրիչն ու ոգին: Անոր անդրանիկ վէպին՝ «Սալբի»ին, կը պատկանին հետեւեալ միտքերը.
«Ամօթ է մեզ, երբ մենք, անասուններին հաւասարուելով՝ ընդունենք այդ անարգութիւնը, մեր գլուխը խոնարհեցնելով եւ ուրիշի ոտքի տակը տալով»:
«Սալբի»ն ունի «անխոնարհութեան» հարուստ պաշար։ Ահաւասի՛կ մէկ այլ մէջբերում.
«Շատ ազգեր, որ հայի կիսի չափ չկան, ո՜չ մի ազգի առաջ չեն խոնարհեցնում իրանց անպարտելի գլուխը, այլ քաջութեամբ եւ թրի զօրութեամբ պահպանում են իրանց ազգային անկախութիւնը»:
Ազգի թուլութեան մէջ Ռաֆֆին մատնանշեց նաեւ մայրերու բաժինը. «Մայրերը տղայական հասակից ծանրաբեռնում են խեղճ երեխայի գլուխը սուտ առասպելներով՝ ծառայութիւն, խոնարհութիւն, համբերութիւն, ստրկական հնազանդութիւն»:
Չխոնարհելու կրակը պատեց Հայկական լեռնաշխարհը ու վառ մնաց մինչեւ Արցախեան շարժում, ապա դարձաւ վաւերագրական ֆիլմաշար. «Խոնարհ Հերոսներ»՝ նուիրուած նահատակ զինուորներու: Այսօր հազարաւոր ծաղիկներ կը խոնարհին անոնց հողակոյտերուն վրայ:
«Խոնարհ ծառայ»ները մայրենիին, յարգելի՛ ընթերցող, երկու վանկով ստեղծեր են գրական բարձրութիւններ: Այս բառը, թէ՛ համեստ եւ թէ ըմբոստ, բայց մի՛շտ որդիական ծառայասիրութեամբ, թարգման եղած է հայոց վիշտերուն եւ բաղձանքներուն: Իսկ գալ շաբաթ, «որդի»ն պիտի ներկայանայ: Ան, որպէս հիմնական թերակատարը այդ բոլորին, պիտի պատմէ ի՛ր ոդիսականը։