ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբերին յայտնեց, որ Հոլլանտայի մէջ արձանագրուած Booking.com կայքը վերականգնած է Արցախի մէջ հիւրանոցի սենեակներ ապահովելու հնարաւորութիւնը, որուն դէմ Ատրպէյճան միջոցներ կը ձեռնարկէ՝ հակաօրինական բնութագրելով այդ քայլը: Booking.com կայքը հիւրանոցներ առաջարկող աշխարհի ամէնէն յայտնի ճանապարհորդական կայքերէն մէկն է:
«Ատրպէյճանական գրաւուած տարածքներուն վրայ հիւրանոցներ առաջարկող Booking.com կայքի գովազդը կը հակասէ միջազգային չափանիշներուն», APA ատրպէյճանական լրատու գործակալութեան յայտնած է Հիքմեթ Հաճիեւ՝ աւելցնելով, թէ միջազգային դրամական փոխանցումները դէպի Ղարաբաղ փակ են, եւ ըստ անոր՝ Booking.com կայքով իրականացուող ան-լայն պատուէրները, անոնցմէ ստացուած կայքի եկամուտները «հաւասարազօր են դրամական անօրինական փոխանցումներու եւ կեղտոտ փողերու լուացման»:
«Այս իրավիճակի հետ կապուած՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնները համակարգուած գործողութիւններու դիմած են, ինչպէս նաեւ համապատասխան հրահանգներ ուղարկուած են Հոլլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան», կ՛ըսէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Ղարաբաղի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան հարցերը համակարգող Արտակ Գրիգորեան «Ազատութեան» թղթակիցին յայտնեց. «Մեզ համար նորութիւն չէ, որ ադրբեջանական կողմը տարբեր միջոցներով փորձում է ազդեցութիւն գործել նաեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին վրայ, չնայած զբօսաշրջութիւնը քաղաքականութեան հետ կապ չունեցող ոլորտ է: Այստեղ մենք խնդիր ենք տեսնում ոչ թէ Ադրբեջանի դիրքորոշման հետ կապուած, որը մեզ համար նոր չէ, մեզ համար աւելի մեծ խնդիր կը լինի, եթէ այդ կազմակերպութիւնները փորձեն շարժուել Ադրբեջանի առաջարկած տրամաբանութեամբ»:
Ըստ Գրիգորեանի՝ Ատրպէյճան խախտած է միջազգային չափանիշները եւ կը փորձէ խոչընդոտել նաեւ զբօսաշրջութեան միջազգային ցուցահանդէսներուն Արցախի մասնակցութեանը:
«Ամէն դէպքում մենք փորձում ենք արձագանգել եւ արժանի պատասխան տալ նրանց», ըսաւ Գրիգորեան:
Արտակ Գրիգորեան նաեւ յայտնեց, որ Արցախի մէջ հինգ տասնեակ հիւրանոցներ կան, ընդհանուր առմամբ 1400 մահճակալներով, իսկ զբօսաշրջիկներու թիւը այս տարուան 10 ամիսներուն տուեալներով՝ անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ աճած է մօտաւորապէս 40 տոկոսով: 2017ին արդէն 20 հազարէն աւելի զբօսաշրջիկ այցելած է Արցախ: