«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Անցեալ Շաբաթ իր մահկանացուն կնքեց համեստ կին մը, իր երիտասարդ կեանքը ամբողջ բանտի մէջ անցուցած Համբիկին մայրը՝ տիկին Ժորժէթ Սասունեանը, որուն զլացուեցաւ որդին ազատութեան մէջ տեսնելու երջանկութիւնը:
Մեծ էր տիկին Ժորժէթի յոյսը, որ Ներումի յանձնաժողովին յանձնարարութիւնը պիտի իրականանար, եւ ինք, նախքան իր աչքերը փակելը, պիտի կարենար գրկել իր զաւակը՝ Համբիկը: Խունկ ու աղօթք՝ վերջին անգամ երկու տարի առաջ իր զաւակը ճաղերու ետին տեսած տիկին Ժորժէթի յիշատակին:
Վստահ ենք, որ Համբիկն ալ պիտի ուզէր իր մօր յիշատակին նուիրել իր պաշտած Յովհաննէս Շիրազի այս բանաստեղծութիւնը.
Ձիւն է իջնում, կուտակւում
Մօրս վրայ վերեւից,
Ասես փետուր է թափւում
Հրեշտակի թեւերից:
Գերեզմանի այս հեռւում
Մեղմ դիզւում է թախծալից,
Մօրս վրայ մարմարւում,
Շիրմաքար է թւում ինձ:
Այնպէս մեղմիկ է դնում
Աստուած փաթիլ փաթիլին,
Որ չցաւի ողջ կեանքում
Մօրս ցաւած սիրտը հին:
Փաթիլւում է մեղմաձիւն,
Մարմարւում է մեղմաբար,
Աստուած ինքն է ստեղծում
Մօրս վրայ շիրմաքար:
ՄԱՀԱԶԴ
ԺՈՐԺԷԹ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1930ին, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին Ժորժէթ Պօղոսեան-Սասունեանի մահը, որ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 21, 2017ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղումը՝ Live Oak Memorial Park-ին մէջ, 200 E. Duarte Rd., Monrovia CA 91016:
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Տէր եւ Տիկ. Լեւոն եւ Մարիա Սասունեան եւ դուստրը՝ Մոնիքա
Դուստրը՝ Անի եւ Հէրի Պարսումեան
Դուստրը՝ Շաքէ Գույումճեան
Զաւակը՝ Համբիկ Սասունեան
Զաւակը՝ Արա եւ Անժելա Սասունեան եւ զաւակները՝
Սեւակ եւ Շանթ
Թոռնուհին՝ Գարոլին Սաքայեան եւ զաւակները՝
Քրիսթըֆըր եւ Շանթալ
Թոռնուհին՝ Թամար եւ Վագօ Աղաճանեան
եւ զաւակները՝ Էնտրու եւ Նիքըլըս
Թոռնուհին՝ Մարալ եւ Պէն Տէյէրմէնճեան
եւ զաւակները՝ Քոլէթ եւ Փօլ
Թոռնուհին՝ Ցոլինէ եւ Սարտար Տիոնեան
Թոռնուհին՝ Սերինա եւ Րաֆֆի Կիրակոսեան
Թոռները՝ Յովիկ եւ Համբիկ Կէճէքուշեան
Քոյրը՝ Ժուլիէթ Ճալնեքերեան եւ զաւակներն ու թոռները
Քոյրը՝ Ժանէթ Հաննէեան եւ զաւակներն ու թոռները
Քոյրը՝ Տիկ. Անթուանէթ Պօղոսեան (Լիբանան)
Քրոջ զաւակները՝ Նազօ, Մարօ, Լուսօ եւ Ազնիւ Նազարեաններ իրենց ընտանիքներով
Քրոջ զաւակները՝ Յակոբ, Ռիթա եւ Յարութ Տէյէրմէնճեաններ իրենց ընտանիքներով
Տագրը՝ Սէմ եւ Գոհարիկ Սասունեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Սասունեան, Պօղոսեան, Տիոնեան, Մահսէրէճեան,
Տաւիտաղեան, Գույումճեան, Գալէնճեան եւ Կարապատեան
ընտանիքներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Փասատինայի Babylon ճաշարանին մէջ, 162 N Sierra Madre Blvd, Pasadena, CA 91107:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Փասատինայի ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» ուխտին: