ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2016ին, Հայաստանի մէջ, նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ նուազած է կաշառակերութեան տարածուածութիւնը: Նման եզրայանգման հասած են Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի զեկոյցի հեղինակները, որոնք հետազօտած են, թէ որքան յաճախ կաշառք կը տրուի ներածման-արտածման, հասարակական գործառոյթներու, հարկեր վճարելու, արտօնագիրներ տալու եւ դատական որոշումներու համար:
137 երկիրներու շարքին, Հայաստան գրաւած է 61րդ տեղը՝ նախորդ զեկոյցի 65րդ հորիզոնականին փոխարէն (որքան բարձր է գրաւած դիրքը, այդքան քիչ է կաշառակերութիւնը տուեալ երկրին մէջ):
Վրաստան ցանկին վրայ 30րդն է, իսկ Ատրպէյճան՝ 63րդը:
ARE WE SUPPOSE TO GET EXCITED BECAUSE SOME ONE SAYS WE TAKE LESS BRIBE THAN
AZERBAIJAN? GET REAL WHY SHOULD WE BE COMPARED ON THE STANDARD OF AZERBAIJAN?
FOR THE LAST 25 YEARS THERE HAS NOT BEEN AN ARMENIAN GOVERNMENT TO GOVERN THE
COUNTRY FOR THE GOOD OF ARMENIAN’S. THEY ARE THERE TO LOOK AFTER THEIR INDIVIDUAL
INTERESTS. ARMENIA IS ROTTEN FROM THE HEAD.