Սեպտեմբեր 1ին՝ Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը, Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղի Զապէլ Եսայեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարեց մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ աշակերտական շարադրութիւններու 2րդ հանրապետական մրցոյթը, որուն կրնան մասնակցիլ Արցախի բոլոր դպրոցներու 9-12րդ դասարանի աշակերտները:
Ըստ «Արցախփրէս«ի՝ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը յայտնած է, թէ այս տարի մրցոյթի գործընկերներն են «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Հայկական հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութիւնը (NAASR): Մրցոյթը նուիրուած է 20րդ դարասկիզբի ականաւոր իրաւապաշտպան, գրող եւ հրապարակախօս Զապէլ Եսայեանի ժառանգութեան, եւ անոր խորագիրն է «Ինչո՞ւ մարդու իրաւունքները կարեւոր են. իմ ապրած իրականութիւնը եւ Զապէլ Եսայեանի փորձառութիւնը»: Մրցոյթի համակազմակերպիչ Ճուտիթ Սարեան (Միացեալ Նահանգներ) կ՛ընդգծէ, որ «Զապէլ Եսայեանի ժառանգութիւնը պիտի օգնէ Արցախի դպրոցականներուն՝ մարդու իրաւունքներու համար պայքարը ընկալելու իբրեւ մեզի բնորոշ մշակութային եւ պատմական աւանդոյ»չ:
Մրցոյթին ներկայացուող շարադրութիւնը պատրաստելու համար, անհրաժեշտ է ընթերցել եւ օգտագործել Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի Պարտէզները» ստեղծագործութենէն քաղուածք պարունակող նախնական նիւթը (http://www.ombudsnkr.am/docs/Zapel_Esayan.pdf):
Շարադրութիւններու ներկայացման ժամկէտն է Հոկտեմբեր 30ը: Մրցոյթի կանոններուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով՝ http://ombudsnkr.am/docs/2017_KARG.pdf:
Շարադրութիւնները գնահատելու նպատակով կազմուած է մրցոյթի յանձնաժողով մը՝ բաղկացած հանրային գործիչներէ՝ Արցախէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն, ներառեալ՝ Զապէլ Եսայեանի թոռնիկը՝ ԵՊՀ Ալեքսանտր Եսայեան, իտալահայ ականաւոր գրող Անթոնիա Արսլան, Միացեալ նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութեան ներկայացուցիչ Կարօ Ղազարեան, Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչ Արփի Վարդանեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ:
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի նոյնպէս մրցոյթի յանձնաժողովի նախագահն է Արցախի մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան Եուրի Հայրապետեան:
Շարադրութիւնները գնահատելու ատեն կարեւոր պիտի համարուին ստեղծագործական մօտեցումը, նախնական նիւթի իմացութիւնը, աշխատանքի ինքնատիպութիւնն ու վերլուծականութիւնը:
Յաղթողները պիտի պարգեւատրուին արժէքաւոր մրցանակներով, եզրափակիչ փուլ անցած մասնակիցները՝ անուանական յատուկ մրցանակներով, իսկ միւս բոլոր մասնակիցները պիտի ստանան յուշանուէրներ:
Մրցոյթի արդիւնքները պիտի ամփոփուին Դեկտեմբեր 10ին՝ Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրը: