ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր սիրելի ընկեր Յարութ Տօնոյեանը 200 տոլար նուիրած էր «Ասպարէզ»ի տարեդարձին: Սակայն, նախօրէին, ան իր մասնագիտութեան ճամբով թերթին խնայած էր հարիւրաւոր տոլարներ: Մենք չենք կրնար մոռնալ նման վերաբերմունք:
Կարպիս եւ Լորիկ Թիթիզեաններու «Levon Travel» ճամբորդական գրասենեակը, որ հազար տոլարով արդէն շնորհաւորած էր «Ասպարէզ»ը, նաեւ Հայաստան ճամբորդելու տոմսակ մը նուիրեց խմբագրութեան՝ կրկնապատկելով իր նուէրը:
Չենք կրնար մոռնալ նաեւ «Ասպարէզ»ի կամաւոր աշխատակիցներուն ու թղթակիցներուն նուիրաբերումը, զոր կը հաշուենք թերթի տարեդարձի շնորհաւորանքներուն կարգին: Երախտապա՛րտ ենք բոլորին. առանց իրենց ներդրումին՝ չենք կրնար պատկերացնել թերթին յարատեւումը:
«Ասպարէզ»ի կենացին կը նուիրեն՝
«Ասպարէզ»ի Բարեկամ մը՝ 500 տոլար
«Vrej Pastry»՝ 200 տոլար
Համօ եւ Թինա Գասպարեան՝ 200 տոլար
Տոքթ. Սարգիս Քահքէճեան՝ 200 տոլար
Անգինէ Շեմսեան՝ 150 տոլար
109 տոլար կը նուիրեն՝
Ռաֆֆի եւ Արփի Նալպանտեաններու պսակադրութեան 26րդ տարեդարձին առիթով
Վաչէ Տօնոյեան
Գեղանոյշ Պէրպէրեան
Վարդան Թովմաս (Santa Fe Family Dental Center)
Վահէ եւ Հուրի Յովակիմեան
Հրայր եւ Անի Պալեան
Արթիւր եւ Ալիս Մանուկեան եւ Հայկ
Յակոբ եւ Ալիս Պաշպաքեան
Պետրոս եւ Արտա Աբէլեան
Փօլ եւ Թանիա Թուրսարգիսեան
Յովսէփ Նալպանտեան՝ 50 տոլար եւ իր գրիչի արգասիքը հանդիսացող
անգնահատելի հինգ գիրքեր
Կը սպասենք ձեր արձագանգին:
Վաղը վերջին անգամով պիտի արծարծենք տարեդարձին նիւթը, որմէ ետք, սակայն,
պիտի շարունակենք յայտարարել ստացուած նուիրատուութիւնները: