ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանի «Ինսթակրեմ»ի (Instagram) էջը աւելի քան 2 միլիոն հետեւորդ ունի:
«2 միլիոն հետեւորդներին պարզապէս ցանկանում եմ ասել շնորհակալութիւն», գրած է Մխիթարեան իր էջին վրայ:
Յիշեցնենք, որ Անգլիոյ Փրեմիեր լիկայի մեկնարկած առաջնութեան Ա. փուլին «Մանչեսթըր Եւնայթըտ» 4:0 հաշիւով յաղթած էր «Ուեսթ Հեմին»ին, իսկ Մխիթարեան դարձած էր երկու կօլի փոխանցման հեղինակը: