ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները աշխատանք կը տանին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ. այս մասին ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ։
Ամերիկացի դիւանագէտը ընդգծած է, թէ Ամերիկա հաւատարիմ է Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպատակով՝ հակամարտութեան կողմերուն հետ մօտէն աշխատելու գաղափարին:
«Յատկապէս ա՛յս պատճառով, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միւս համանախագահներուն հետ մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել, որպէսզի ամենաարագ առիթով կազմակերպենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումը՝ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով։ Հոս կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները միջնորդնե՛ր են: Մենք չենք կրնար կողմերուն ստիպել վերջնական որոշումներ ընդունիլ: Միա՛յն հակամարտութեան կողմ եղող երկիրներու առաջնորդները ի վիճակի են լուծելու տագնապը, երբ գայ պատմական որոշում կայացնելու ժամանակը, որ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ եւ ամբողջ տարածաշրջանին բարգաւաճման պիտի յանգեցնէ», աւելցուցած է Հոկլընտ:
Դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն, դիւանագիտական գործունէութեան աշխուժացումէն ետք, համանախագահները շարք մը յայտարարութիւններ պիտի կատարեն՝ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ապահովելու համար: