ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին նահատակուած Ազատ Սիմոնեանի 41ամեայ մայրը՝ Վեհանոյշ Ենոքեան, ծնունդ տուած է տղայի մը, զոր անուանած են Արթուր:
«Բոլորն էլ ցանկանում էին, որ Ազատիցս յետոյ մայրանամ, բայց ես չէի մտածում, որովհետեւ 10 տարի չէի յղիացել: Ամուսինս շատ ուրախացաւ», «Թեր»չի թղթակիցին յայտնած է Վեհանոյշ: «Կը ցանկանամ, որ Ազատիս նման լինի, բայց դժուար, թէ նման լինի, Ազատս ուրիշ էր: Ազատս խելացի ու շատ շնորհքով էր, շատ խելացի էր Ազատս», շարունակած է մայրը:
Փոքրիկ Արթուրի ծննդեան օրը հերթապահած բժիշկ Հայկուշ Դաւթեան պատմած է, որ ծնունդ ընդունելու ընթացքին ապրիլեան պատերազմին մասնակցածներէն շատերու ծնողները հիւանդանոց գացած են Վեհանոյշը քաջալերելու համար: