ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգէն գործիչներ յայտնած են, թէ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները Թուրքիոյ Հաթայի (Ալեքսանտրէթ) շրջանի նահանգապետէն ստացած են նամակ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ թրքական բանակը կը պատրաստուի մուտք գործելու Իտլիպ՝ ապահովական գօտիներու ստեղծման շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան համաձայնութեան ծիրին մէջ:
Թուրք յատուկ պատուիրակի մը ճամբով փոխանցուած նամակը կը բովանդակէր զգուշացում, որ թրքական բանակին դիմադրութիւն չցուցաբերուի եւ գործողութիւնը «բռնագրաւում» չնկատուի:
«Թրքական ուժերը, իբրեւ առաջին քայլ, ժամանակաւորապէս իրենց զրահապատ եւ այլ մեքենաներով ու հետեւակ ուժերով պիտի տարածուին սահմանամերձ գիւղերուն մէջ. շրջանին վերեւը սուրիական եւ ռուսական պատերազմական օդանաւերու թռիչքները ամբողջովին բացառուած պիտի ըլլան», նշուած է նամակին մէջ:
Նամակը նաեւ կը հաղորդէ, որ շրջան մուտք պիտի գործեն նաեւ ենթակառոյցներու նորոգման խմբակներ, որոնք պիտի սկսին ջուրի եւ ելեկտրականութեան ցանցերու նորոգութեան աշխատանքի: Նամակը յոյս կը յայտնէ, որ դիւանագիտութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ համոզել «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալները, որ իրենց կեդրոնները յանձնեն թրքական բանակին ու հեռանան շրջանէն: