ՊՈԼԻՍ.- Թուրք եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ թրքական «Սապահ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թուրքիոյ բանակի հրամանատար զօր. Հուլուսի Աքարի գլխաւորած թրքական պաշտօնական պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած է ամերիկեան զինուորական ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ:
«Սապահ» կը նշէ, որ Աքար, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի ղեկավար Հաքան Ֆիտան եւ Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն Ուաշինկթըն կ՛այցելեն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Մայիս 15-16ին նախատեսուած այցելութեան ենթահող պատրաստելու համար:
Զօր. Տանֆորտի բանբերը հաստատած է հանդիպման լուրը՝ աւելցնելով. «Անոնք քննարկեցին հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ ապահովական կացութիւնը, ներառեալ՝ «Իսլամական պետութիւն»ը պարտութեան մատնելու արշաւը»:
Թուրք պաշտօնատարները յայտնած են, որ Աքար եւ Տանֆորտ քննարկած են Իրաքի, Սուրիոյ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր: Անոնք ըսած են, որ մտահոգ են քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն յառաջխաղացքով՝ Սուրիոյ հիւսիսէն դէպի հարաւ, որ մեծամասնութեամբ արաբներով բնակուած շրջան է: Ըստ անոնց՝ Ռաքքայի մէջ քրտական ուժերու ներկայութիւնը առաւել եւս պիտի օրինականացնէ արաբական հողերուն նկատմամբ քիւրտերուն պահանջները:
«Սապահ» կը նշէ նաեւ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ եւս պիտի միանայ թրքական պատուիրակութեան, Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Ճեֆ Սեշընզի հետ քննարկելու համար Ֆեթհուլլահ Կիւլենի արտայանձնման հարցը: