Թայուանի մէջ 2016ի վերջաւորութեան լոյս տեսաւ Օրորա Մարտիկանեանի յուշերուն՝ «Յօշոտուած Հայաստան»ի չինարէն թարգմանուած տարբերակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:
Գիրքին թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը իրականացուցած է թայուանաբնակ Տէյվիտ Վանկ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թոյլատուութեամբ: Գիրքը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած դեռատի հայուհիին՝ Օրորա Մարտիկանեանին յուշերը իր եւ իր տարագիր, բռնագաղթեալ ժողովուրդին անցած տանջալից, անմարդկային փորձութիւններով լեցուն ճանապարհին մասին: