ԹԵՀՐԱՆ.- Պաշտօնական այցով Թեհրան գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Փետրուար 1ին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ իրանի համայնքին հետ:
Առաւօտեան Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը այցելած է «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութիւն եւ հաստատութիւն:
«Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ, հիւրերը ողջունած է «Ալիք»ի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, որմէ ետք թերթի խմբագրակազմին հետ հանդիպման ընթացքին Վիգէն Սարգսեան խօսած է հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն, Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ընելիքներուն վերաբերեալ, ներկայացուցած է Հայաստանի ԶՈՒի ձեռքբերումները, պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներու հարցումներուն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը մանրամասնած է նաեւ «ազգ-բանակ» գաղափարի դրոյթները: Այս մասին կը հաղորդէ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը:
Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եղած է նաեւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդարան, հանդիպած թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ իրանահայութեան զոյգ պատգամաւորներ դոկտ. Կարէն Խանլարեանի եւ Ժորժիկ Աբրահամեանի, Թեմական խորհուրդի, Պատգամաւորական ժողովի, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր դասին հետ:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը արժեւորած եւ բարձր գնահատած է հայ եկեղեցւոյ եւ Սփիւռքի կառոյցներու դերակատարութիւնը հայապահպանման, ինչպէս նաեւ հայ-իրանեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ յետագայ զարգացման գործին մէջ:
Ելոյթ ունեցած են նաեւ առաջնորդ սրբազանը, դոկտ. Կարէն Խանլարեան եւ Ժորժիկ Աբրահամեան: Սրբազանը ներկայացուցած է թեհրանահայ համայնքը, Ժորժիկ Աբրահամեան՝ Նոր æուղայի հայ համայնքը, իսկ. Դոկտ. Կարէն Խանլարեան անդրադարձած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան այցի քաղաքական նշանակութեան եւ կարեւորութեան՝ հայ-իրանեան յարաբերութիւններու ծիրէն ներս:
Վիգէն Սարգսեան այցելած է նաեւ Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցի եւ ծաղեպսակ զետեղած եկեղեցւոյ տարածքին գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին։
Երեկոյեան, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» սրահին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները հանդիպած են թեհրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին Վիգէն Սարգսեան խօսած է հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն, ՀՀ ԶՈՒի մէջ կատարուած աշխատանքներուն, «ազգ-բանակ» գաղափարի դրոյթներուն եւ ՀՀ անվտանգութեան գործին մէջ Սփիւռքի ունեցած դերին եւ նշանակութեան մասին:
Վերջաւորութեան, անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ ան սպառիչ պատասխաններ տուած է ներկաներուն յուզող հարցերուն: