ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդը Ուրբաթ, 3 Փետրուարին, որոշած է յառաջիկայ քորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցիլ դաշինքով:
Կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ «վերջնական ճշգրտումների համար պաշտօնական բանակցողներ կան խորհրդի կողմից լիազօրուած, եւ մենք վերջնական այդ հարցը կը պարզենք»:
Մարտիրոսեան նշած, է որ Զարուհի Փոստանջեանն ու «Ժառանգութեան» խորհուրդի քանի մը այլ անդամներ մինակ մասնակցութեան կողմնակից են, սակայն մեծամասնութիւնը որոշած է դաշինքով մասնակցիլ ընտրութիւններուն: