ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Փետրուար 2ին Անգարա այցելած Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Էրտողան յայտնած է, թէ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ՆԱԹՕի եւ գաղթականներու տագնապին առնչուող հարցեր: Հանդիպման ընթացքին չեն շրջանցուած նաեւ Եգէական ծովուն մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները (յունական կղզիի մը մօտեցած թրքական մարտանաւերուն եւ յունական եզերապահ ուժերուն միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը), շրջանային կացութիւնը, մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող կացութիւնը:
Մերքել իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ասիկա Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք իր առաջին այցելութիւնն է Անգարա: Ան կարեւոր նկատած է յեղաշրջման փորձի պատասխանատուները պատիժի ենթարկելը, սակայն միաժամանակ ընդգծած է, որ այդ հոլովոյթին ընթացքին պէտք է յարգուի խօսքի ազատութիւնը:
Անդրադառնալով գաղթականներու հարցով Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի կնքումին՝ Մերքել շեշտած է, որ ատիկա կը բխի երկու կողմերուն շահերէն: