«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԼՈՆՏՈՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԻ ՎԱՐԻՉ-ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆԻ ՀԵՏ
Տեսակցեցաւ՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Վերջերս մամուլով ծանուցած էիք շրջապտոյտի մը ծրագիրին մասին, որ ձեր տնօրինած Հայկական ուսմանց շրջագիծին մէջ կը կազմակերպուէր: Կրնայի՞ք որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդել այդ առնչութեամբ:
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.– Ընդհանուր առմամբ, մեր գործունէութիւնը սահմանափակուած է Լոնտոնով, ուր կը կազմակերպենք դասախօսութիւններ եւ տեղեկատուական երեկոյթներ: Ընթացիկ տարուընէ սկսեալ որոշեցինք մեր աշխատանքներու դաշտը ընդլայնելով, զայն տարածել Եւրոպայի ցամաքամասին վրայ: Այդ առումով, առաջին դասախօսութիւնը կազմակերպեցինք անցեալ Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ՝ «Հայ համալները (բեռնակիրներ) պոլսահայ նկարչութեան մէջ» թեմայով: Վազգէն Դաւիթեան ներկայացուց «Պանդուխտի ընկալումները ուշ ԺԹ. դարու Պոլսոյ մէջ» նիւթը: Ձեռնարկը կը վայելէր համագործակցութիւնը տեղւոյն Հայ մշակութային կեդրոնին, որուն տնօրէնն է Անտրէ Կիւմիւշճեան: Մեր յաջորդ եւրոպական դասախօսական ձեռնարկները պիտի կայանան Ժընեւի, Միւնիխի եւ դարձեալ Պրիւքսէլի մէջ. անոնց ընթացքին դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան պիտի խօսի Չինաստանի զանազան քաղաքներու մէջ կայք հաստատած հայ համայնքներու մասին՝ 19րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20րդ դարու կէսերը:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Այս նախաձեռնութիւնը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.- Հիմնական քանի մը նպատակներով կը կազմակերպենք դասախօսութիւններու այս շարքը.
– Կ՛ուզենք մեր համայնքներուն ներկայացնել արժէք եւ որակ ունեցող նիւթեր.
– Հայերէնով եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէնով դասախօսութեամբ զարկ տալ հայագիտութեան.
– Քաջալերել մեր երիտասարդ հայագէտները, որպէսզի արեւմտահայերէնը օգտագործեն որպէս հայագիտութեան լեզու: Հոս կ՛արժէ ընդգծել, թէ Պրիւքսէլի մեր ձեռնարկին դասախօսած Վազգէն Դաւիթեան երեսուներկու տարիէ ի վեր հայերէն չէր գրած եւ պէտք էր տեսնէիք, թէ որքան խնամքով պատրաստած էր իր գրաւոր դասախօսութիւնը:
– Նաեւ կ՛ուզենք երիտասարդ հայագէտները ծանօթացնել մեր համայնքներուն: Կը փափաքինք, որ հայագիտական ուսմանց ծրագիրը կամուրջ մը ըլլայ հայագէտներուն եւ համայնքներուն միջեւ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Այս աշխատանքը նաեւ Եւրոպայի զանազան հայ համայնքներու միջեւ գործակցութեան դուռ մը կը բանայ:
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.- Այո՛: Իւրաքանչիւր համայնքի մէջ կազմակերպութիւններու կամ համալսարաններու հետ կը համագործակցինք: Օրինակ՝ Ժընեւի մէջ կազմակերպելիք մեր դասախօսական երեկոյթը կը կայանայ Ժընեւի համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքին եւ զուիցերահայ միութեան հետ գործակցաբար: Իսկ Միւնիխի մէջ տեղւոյն Հայ հայրենակցական միութեան հետ կը համագործակցինք: Մեր նպատակն է նաեւ եւրոպահայ համայնքներու տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ կապ հաստատել: Ըսեմ, թէ մենք շարունակաբար ներկայութիւն պիտի ըլլանք Եւրոպայի հայ համայնքներուն մէջ: Աւելցնեմ, որ մեր կազմակերպած ձեռնարկներուն տեսագրութիւնը կարելի է գտնել հանրային հաղորդակցական մեր ցանցերուն մէջ: Իսկ հայ մամուլն ալ, ինչպէս՝ «Նոր Յառաջ»ը, Գանատայի «Հորիզոն»ը կամ Լիբանանի «Ազդակ»ը, տեղ կու տան մեր լրատուութեան եւ թղթակցութիւններուն:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ասկէ բացի ուրիշ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.- Հիմնական երկու բնագաւառներու մէջ կ՛աշխատինք՝ արեւմտահայերէնի ուսուցումը եւ հայագիտութեան տարածումը ակադեմական շրջանակներու մէջ: Անմիջապէս ըսեմ, թէ մեր ծրագիրը քաղաքական նպատակներ չի հետապնդեր:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման համար ունինք 30 շաբաթներու վրայ երկարող իրիկուան դասընթացքներ՝ լոնտոնաբնակներու համար, շաբաթական երկու ժամ, երեք մակարդակներով՝ սկսնակ, միջնակարգ եւ յառաջացած: Ունինք նաեւ ամառնային խտացեալ մէկամսեայ դասընթացքներ:
Իսկ մեր գործունէութեան երկրորդ բնագաւառին մասին պէտք է ըսել, թէ ծրագիրի նպատակն է հայագիտութիւնը տարածել Լոնտոնի հայ, բայց մասնաւորաբար ոչ-հայ ակադեմական շրջանակին մէջ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Քանի՞ հոգի կը հետեւի ձեր դասընթացքներուն:
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.- Այս տարի 5 սկսնակ ունինք եւ հինգ հոգի ալ միջնակարգի դասերուն կը հետեւին: Դժբախտաբար յառաջացած դասարանի համար մինչեւ հիմա ուսանող չունինք, բայց կը յուսանք երկրորդ եռամսեակին արձանագրուողներ կ՛ըլլան: Պատճառը թերեւս դասաւանդման վայրի փոփոխութիւնն է: Աւելցնեմ, թէ ունինք նաեւ ոչ-հայ ուսանողներ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Քանի՞ հոգիով կը տնօրինէք այս աշխատանքները:
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.- Ունինք չորս գործակիցներ, որոնք համալսարանաւարտ եւ մտաւորական երիտասարդներ են: Այս տղաքը իրենց զանազան մասնագիտութիւններով կը զարգացնեն մեր ծրագիրը: Անոնցմէ երկուքը հայ են եւ միւս երկուքը՝ անգլիացիներ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ձեր ծրագիրներու իրագործման համար ուրկէ՞ կը հայթայթէք նիւթականը:
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.- Տարեկան դասընթացքներուն համար ուսանողները կը վճարեն, իսկ ամառնային խտացեալ դասերուն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը սահմանափակ թիւով մրցակցային կրթաթոշակներ կը յատկացնէ: Բայց ընդհանուր առմամբ մեր գործունէութեան հիմնական հովանաւորը «Կիւլպէնկեան» հիմնարկն է, որ երկրորդ տարին ըլլալով նիւթապէս կը սատարէ մեր աշխատանքներուն:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ձեր կայքին վրայ ձեռնարկած էք ամէն օր հայերէն բառ մը սորվեցնելու աշխատանքին: Ի՞նչ կ՛ըսէիք այդ նախաձեռնութեան մասին:
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ.- Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ սկսանք «դայլայլիչ»ի (twitter) արշաւ մը եւ անկէ ի վեր ամէն օր բառ մը «կը դայլայլենք» մեր հետեւորդներուն համար եւ այս կարճ ժամանակին ընթացքին արդէն հարիւրէ աւելի հետեւորդներ ունինք: