ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 South Louise Street, Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ արդիական ախտաճանաչող գործիքներու մասին ներկայացում մը։
Հայաստանի մէջ արտադրուած գերզգայուն ախտաճանաչութեան սարքաւորումներուն մասին մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցեն փրոֆ. Սամուէլ Գէորգեան եւ դոկտ. Ալեքսանտր Խաչունց։
Հանրային այս ձեռնարկին մուտքը ազատ է։