ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադի»».- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի օրուան հերթական ժողովին ընթացքին յստակացուց իր 2016 Ապրիլ 21ի որոշումը. Հայաստանէն դուրս վիրաւոր զինուորի բուժման, կեցութեան եւ ճանապարհածախսի գումարի յատկացման կարգէն դուրս հանուեցաւ «համապատասխանաբար 50 տոկոսի չափով» բառակապակցութիւնը:
ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Արսէն Մկրտչեանի խօսքով՝ նախագիծը մշակուած է «Զինծառայողների եւ նրանց ընտանիքների անդամների սոցիալական ապահովութեան մասին» օրէնքի 33րդ յօդուածի 1ին մասի պահանջներուն համապատասխանեցնելու նպատակով:
Նախագիծով առաջարկուող փոփոխութեան համաձայն՝ ամբողջութեամբ պիտի փոխհատուցուին ոչ միայն հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին վիրաւորուած զինուորի բուժման, ճանապարհածախսի եւ կեցութեան ծախսերը, այլեւ ամբողջութեամբ պիտի փոխհատուցուին վերջինիս ուղեկցող անձի ճանապարհածախսը եւ կեցութեան ծախսերը: