ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պաշտօնական այցելութեամբ Թեհրան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 5 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ, որ գոհունակութեամբ հաստատած է, որ Հայաստանն ու Իրանը ունին ամուր եւ կայուն բարեկամական յարաբերութիւններ եւ կարեւոր նկատած է անոնց առաւել ամրապնդումն ու խորացումը: Ան աւելցուցած է, որ Իրանի կորիզային ծրագիրին վերաբերող համաձայնութեան ձեռքբերումէն եւ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք լաւ կարելիութիւն ստեղծուած է բոլոր ոլորտներուն մէջ զարգացնելու առեւտրատնտեսական երկկողմանի կապերը, ուստի հարկաւոր է այդ առնչութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկել:
Էդուարդ Նալբանդեան Իրանի նախագահին փոխանցած է Հայաստանի նախագահի ուղերձն եւ ջերմ ողջոյնները:
Իրանի նախագահն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած են երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով կնքուած համաձայնութիւններուն եւ տնտեսական միացեալ ծրագիրներու իրականացման ընթացքին, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:
Հասան Ռոհանի դիտել տուած է, որ երկկողմանի համագործակցութիւնը թէեւ լաւ ընթացքի մէջ է, սակայն անոր յաւելեալ զարկ տալու ներուժ գոյութիւն ունի։ Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացումը յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ բարեկամ ժողովուրդներու, յատկապէս գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու աշխուժացման եւ զբօսաշրջութեան զարգացման:
Նախարար Նալբանդեան անդրադարձած է կեանքի կոչուած եւ իրականացուող տնտեսական միացեալ ծրագիրներուն՝ ամրապնդելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ նոր առաւել յաւակնոտ նախագիծեր մշակելու եւ իրագործելու թէ՛ ի շահ երկու դրացի երկիրներու տնտեսական զարգացման, եւ թէ տարածաշրջանային համագործակցութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ներկայացուցած է Ապրիլին սկիզբը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքներու յաղթահարման քայլերուն, Մայիսին Վիեննայի մէջ կայացած գագաթնաժողովին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող ջանքերուն: Այս պարունակին մէջ նախագահ Ռոհանի ընդգծած է, որ Իրան մնայուն կերպով սատարած է տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, առկայ խնդիրներու խաղաղ լուծման՝ վերահաստատելով, որ իր երկիրը կը սատարէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման։ Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով։ Իրանի նախագահը խնդրած է իր ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները հաղորդել Հայաստանի նախագահին՝ նշելով, որ մտադիր է մօտ օրէն Հայաստան այցելել: