ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Եւրոխորհրդարանին մէջ կը կազմակերպուի ցուցահանդէս՝ «Ցեղասպանութիւն՝ Ցեղասպանութենէն ետք» խորագիրով:
«Երկիր»ի հետ զրոյցին ենթացքին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Պետօ Տէմիրճեան յայտնեց, որ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է համագործակցութեամբ Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին, որուն տնօրէնն է Սամուէլ Կարապետեան:
Տէմիրճեան նշեց, որ ցուցահանդէսի նպատակն է Եւրոխորհրդարանին մէջ ներկայացնել հայկական կոթողներու, յատկապէս՝ եկեղեցիներու վիճակը՝ Ցեղասպանութիւնէն առաջ եւ ետք:
«Քանի մը ժամէն ցուցահանդէսը վերջնական տեսք կ՛ունենայ, սակայն պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ վաղը երեկոյեան: Ցուցահանդէսին ներկայ պիտի ըլլան պատգամաւորներ, քաղաքական գործիչներ եւ անհատներ», նշեց Տէմիրճեան:
Յունաստանէն Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Նիկոս Անտրոլաքիսի հովանաւորած ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մէկ շաբաթ: