ԵՐԵՒԱՆ.- Իր տեղեկութիւնները քաղելով ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքէն՝ «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները քանի մը շաբաթէ ի վեր Ուաշինկթընի մէջ գաղտնի հանդիպումներ կ՛ունենան՝ քննարկելով երկկողմանի լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորելու կարելիութիւնները: Կողմերը կը փորձեն համաձայնութիւն մը գոյացնել մինչեւ Մարտի վերջը, երբ կ՛ակնկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ամերիկա այցը:
Ամերիկեան կողմը կ՛ուզէ, որ Ատրպէյճանի մէջ ազատ արձակուին բոլոր քաղաքական բանտարկեալները, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանի մէջ տեղակայուին ամերիկեան զինեալ ուժերը ներկայացնող սահմանափակ թիւով քաղաքայիններ:
Ատրպէյճան, իր կարգին, Ուաշինկթընի առջեւ կը դնէ որոշ պայմաններ, որոնց շարքին են՝ Լեռնային Ղարաբաղին տրամադրուող նպաստներու դադրեցումը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հակաատրպէյճանական որոշ շրջանակներու գործունէութեան վերահսկողութիւնը։
Նաեւ կը նշուի, որ մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Քոնկրեսին մէկ մասը եւ որոշ միջազգային կազմակերպութիւններ կը պաշտպանեն Պաքուի դէմ քոնկրեսական Քրիսթոֆըր Սմիթի պատրաստած պատժամիջոցներու նախագիծը, Փենթակոնն ու ուժանիւթի նախարարութիւնը դէմ են պատժամիջոցներուն։