Ն. ԿԱԼԻՆԵԱՆ
Գերմանիայէն Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած հայ տարագիրներ, զարմացան, որ հոն ամէնօրեայ վարժարան չկար, շաբաթօրեաներուն գոյութիւնն ալ վտանգուած էր։
Արեւելեան Լոս Անճելըս խմբուած նոր հայրենազուրկներն ալ, հարկադրաբար բաւականացան ժամանակաւոր շաբաթօրեայով՝ օտար սրահին մէջ, ուսուցչութեամբ պրն. Թորգոմ Փոստաճեանի, որ հետագային ունեցաւ երկու օգնական ուսուցիչներ, իսկ 1959ին ուսուցչուհի մըն ալ, աշակերտներուն թիւը բարձրացած էր 79ի, սրահին մէջ գրեթէ ոչ մէկ իր՝ դպրոցի տպաւորութիւն ձգող։ Սկսած էր ծնողներու գանգատը՝ «Գալ տարի չենք ղրկեր…», տարեվերջին վարձակալի պահանջը՝ «Սրահը շատ աղտոտեցաւ, պէտք է ներկել տաք…»։
Դժուար էր նոր տեղ գտնելը, վերամուտը կ՛ուշանար։ Յoժարակամ օգնութեան հասաւ նախկին տարագիր պրն. Ե. Յակոբեան, որ չէ դադրած օգնելէ, նաեւ՝ ողբացեալ Ալ. Յովհաննէսեան։
Շաբաթօրեան խնդիրին վերջնական լուծում չէր։ Ամէնօրեայի համար պէտք էր սեփական շէնք։ Գտնուեցաւ յարմարագոյն հողամաս մը՝ 28 էքր, 135,000 տոլար՝ 3 տոկոսով։
«Խենթեցե՞ր էք…»՝ պոռացին ամէնօրեան պերճանք նկատողներ։ Գտան աժանագոյնը՝ 8 էքր, 50,000, դարձեալ չեղաւ։ Անցաւ երկու տարի, կրկնապատկուեցաւ հողին արժէքը, գնուեցաւ 3 էքր՝ 46,000ի։ Շինութեան սկսելու համար նախ պէտք էր սեփականացնել, որ ուշացաւ երկու տարիով, մինչեւ որ Հայ կեդրոնի վարչութեան ատենապետ պրն. Մ. Գանտիլեան յաջողեցուց 10,000 տոլարի վճարումը։ Պրն. Գանտիլեանի ջանքով Ս. Խաչ եկեղեցին վճարեց մնացեալ 13,000ը, երբ ան հոգաբարձութեան ատենապետ էր։
Հողը օրհնուեցաւ 1964ին, հիմնարկէքը՝ 1965ին։ Շինարարներու միութեան գործադուլը պատճառ եղաւ կառուցման ուշացումին, նաեւ՝ աշակերտներու նուազումին։
1965, Սեպտեմբեր 13ին կատարուեցաւ բացումը՝ հազիւ 80 աշակերտ, 4 մնայուն, մէկ այցելու ուսուցիչ, տեսուչ պրն. Փօստաճեան։ Խեղճուկ սկիզբին յաջորդեցին յաջող տարիներ. անհետացաւ ծնողներու վարանումը, աշակերտներուն թիւը բարձրացաւ չնախատեսուած թափով, այս տարի կայ 335 աշակերտ, մնայուն ուսուցիչ՝ 19, այցելու՝ 4, պիւտճէն՝ 290,000 տոլար։
Զաւակներուն հայեցի կրթութիւն տալու տենչով, այլ տեղերէ «Մեսրոպեան»ին մօտենալու հոսանքը դեռ չէ դադրած։ Բարոյականի մասին խօսք չկայ։ Այլապէս օտարներ պիտի չխնդրէին ընդունիլ իրենց տղաքն ալ։ Արտագրենք քանի մը տող Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ պրն. Բ. Կռանեանի յօդուածաշարքէն («Հայրենիք», Դեկտ. 6, 1969).
«… Անհրաժեշտ է ընդլայնել շէնքը… Դասարանները անբաւարար են… «Մեսրոպեան»ի մէջ կը դասաւանդուի ամերիկեան լրիւ կրթական ծրագիրը, հայոց լեզու, պատմութիւն, կրօն, պար եւ երաժշտութիւն։ …Կարգապահութիւնը եւ բարոյականը պատճառներ են, որ մեր դպրոցը ըլլայ բարձր մակարդակի վրայ…»։
Նախկինին կից բարձրացաւ նորը՝ նոյն չափով, տարալուծարան, արհեստ, երգ ու նուագի դասարան, լոգարաններ եւ այլն։ Կրկնապատկուեցաւ ճաշասրահի տարածութիւնը, անոր կից կառուցուեցաւ պահակ ու ծառայողի բնակարան։ Այժմ այդ ալ անբաւարար է՝ գրադարանը փոխադրուած է շէնքէն անջատ՝ խոնաւ խուցեր, 25 անդամներով աշակերտական նուագախումբը չունի դասարան, կ՛օգտուի միայն մէկ կողմը պատած տանիքէ մը…
Նոր հողամասը գնուեցաւ յաւելեալ դասարաններու շինութեան, նախապէս ծրագրուած, բայց չիրագործուած մեծ սրահի կառուցման եւ տեղափոխելու Ս. Խաչ եկեղեցին, նաեւ իրականացնելու համար պատգամը Խորէն Ա.ի՝ «Եկեղեցի մը առանց դպրոցի՝ որբ մըն է»։
Հետեւեալ տողերը կ՛ապացուցեն վարժարանի կրթական բարձր մակարդակի հասած ըլլալը.
«Աշակերտական շարադրութեանց բաւականին յաջող նմոյշներ տարեգիրքերու մէջ։
Հայերէն թէ անգլերէն այլազան բովանդակութեամբ յօդուածներ «æահ» պարբերաթերթին մէջ՝ լոյս ընծայուած Է., Ը. կարգի ուսանողներէն, լաւագոյնս կը դրսեւորեն անոնց ստացած կրթութեան աստիճանն ու լայն աշխարհայեցութիւնը։
Է. եւ Ը. կարգէն 10 աշակերտներու «Բացառիկ ուսանող» տիտղոսին արժանացումով, «Մեսրոպեան»ի անդամակցութիւնը Քալիֆորնիոյ միջնակարգ վարժարաններու ընկերակցութեան, որուն թիւ 173 մասնաճիւղն է» (Զ. տարեգիրք, էջ 41)։
«Նախորդ տարիներուն միջնակարգ աւարտածներու համալսարան ընդունուիլը, նաեւ անցեալ տարուան 4ի փոխարէն, այս տարի Փասատինայէն «Մեսրոպեան» յաճախողներու թիւին 30ի բարձրանալը ու տնօրէն պրն. Օ. Քէշիշեանի յամառ վկայութիւնը. «Այս տարի «Մեսրոպեան»ի երկրորդականէն վկայուելիք 18 աւարտականներ համալսարան պիտի ընդունուին»։
«Եթէ բաւարար չեն, թերահաւատները թող վերյիշեն 1973, Յունիս 17, Կիրակի կէսօրէն ետք, Ը. կարգի 35 շրջանաւարտներուն վկայականի բաշխման հանդէսը։ Բացում, հանդիսավարութիւն, ուղերձ՝ հայերէն թէ անգլերէն, եւ գեղարուեստական յայտագիրի դերակատար, միայն վերի կարգերու աշակերտներն էին՝ փորձառուներու չափ համարձակ ու անշուար» («Հայրենիք», Յուլիս 23, 1973)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՐԱԿԱՆԱՑԱՒ
ՄԵԾ ԵՐԱԶԸ
Հողի գնումէն ետք հին գաղթականներէն շատեր ընդառաջեցին օժանդակելու կոչին։
Դպրոցաշինութեան անմոռանալի նուիրեալներ էին բարեյիշատակ ողբացեալներ՝ Գ. Պետրոսեան, Կ. Մագդեսեան, Վ. Դիլանեան, Յ. Քարեան, որ Հայ կրթական միութեան քարտուղարի հանգամանքով ապահովեց նաեւ շատերու մասնակցութիւնը։
Բացառիկ տիպարներ են նոյն միութեան ատենապետ պրն. Յ. Փիրումեան եւ գանձապահ պրն. Ճ. Առաքելեան, որ ինքն ալ բոլորեց «Մեսրոպեան»ի նիւթական թէ բարոյական օժանդակութեան մեծապէս գնահատելի տասնամեակը։ Կը մաղթենք ուժ եւ կարողութիւն, վարժարանի այլ հոգատարներուն հետ, առաւել արդիւնաւոր կերպով լրացնելու իրեն վստահուած Խնամակալ մարմինի տեւական ատենապետութեան ըղձալի 25ամեակը։
Զոհողութիւնն ու անխոնջ աշխատանքը պարտականութիւն նկատեց նաեւ պրն. Յ. Փիրումեան, որ հակառակ երկարատեւ հիւանդութեան եւ յաճախակի վիրաբուժական գործողութիւններու, չմոռցաւ պարբերաբար օգնել «Մեսրոպեան»ին, նաեւ թելադրել այլոց։
Չենք մոռնար շաբաթօրեայի թէ ամէնօրեայի նախաձեռնակ պրն. Մ. Մոսիկեանը, որ «Մեսրոպեան»ի իրականցումէն ետք նախաձեռնութիւնն ունեցաւ բանալու շաբաթօրեայ մըն ալ Ուիտտիէր քաղաքին մէջ՝ 35 աշակերտներով, որոնց հետ պարապեցաւ անընդհատ երկու տարի, վարձի փոխարէն գոհացաւ ծնողներու շնորհակալութեամբ, չհեռացաւ նաեւ «Մեսրոպեան»էն։ «Մեսրոպեան»ի տեւական աշխատանքին տասնամեակը լրացնողներէն մէկն է նաեւ պրն. Ա. Տէր Մինասեան, որ հողի փնտռտուքէն մինչեւ հիմա կը վազվզէ՝ գիշեր-ցերեկ։
Վարժարանի տարեգիրքերուն մէջ կան հիմնադիրներու, շինութեան յանձնախումբի, ուսումնական խորհուրդի, խնամակալ մարմինի, բարենպատակ եւ հայրենակցական միութիւններու, նաեւ հարիւրաւոր՝ մեծ կամ փոքրագումար, անհատ նուիրատուներու անունները, մերձակայ թէ հերաւոր վայրերէ, խորին շնորհակալութեան խօսք ունինք բոլորին։
Ամէնօրեայ վարժարանը մօտ էր հայ ժողովուրդի սիրտին. ծայր տուին քաջալերանքի ու գնահատութեան գիրեր ամէն կողմէ։ Մօտիկ թէ հեռու տեղեր ղրկուած խնդրանքի պահարանները չմերժուեցան։ Հանգանակութեան ճաշ, այցելութիւն տունէ տուն, դաշտահանդէս, պարահանդէս ու վիճակահանութիւն իրար հրմշտկեցին։
Սակայն, ծանրագոյն բեռը մնաց ծնողներու վիզին, թէպէտ անոնք եղան միշտ առաջին մասնակցողները բոլոր ձեռնարկներուն։ Միջին հաշուով, ամէն ծնող մէկ աշակերտի համար կը ծախսէ նուազագոյն 550, իսկ վարժարանը՝ 960 տոլար։
Կանխորոշուած պիտճէն յաճախ գործադրուած է մեծ յաւելումներով։
Ուսուցչական կազմը նմանապէս ենթարկուած է փոփոխութիւններու։ Տասներորդ տարին բոլորելու պատիւը կը պատկանի միայն շուրջ 350 երեխաներու վրայ հարազատ մօր նման գուրգուրացող, անոնց լացը ժպիտի փոխող, երգ ու խաղերուն հետ նաեւ այբ, բեն, գիմը ճանչցնող օր. Ռ. Բագրատունին։
Աղքատ ծնողները զրկուած չեն զաւակները հայկական վարժարան ղրկելու իրաւունքէն, այս տարի «Մեսրոպեան»ի մէջ ձրի կրթութիւն կը ստանան 13 աշակերտներ, 72 աշակերտներու թոշակները զեղչուած են 50-70 տոկոսով։
Մեսրոպեան վարժարանի շինութեան օրերէն մինչեւ այսօր այցելեցին հարիւրաւոր հայեր եւ օտարներ՝ թէ՛ Ամերիկայի բազմաթիւ քաղաքներէ, թէ՛ այլ երկիրներէ, բայց մանաւանդ Խորհրդային Հայաստանէն։ Այցելուներէն շատեր արտայայտեցին կամ գրեցին իրենց տպաւորութիւնը։ Կը բաւականանանք թուելով միայն մէկ քանին՝ արտագրելով ոմանց տպաւորութիւնէն մէկ քանի տող։
– Վազգէն Ա. վեհափառ կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Այս վարժարանները Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին տրուած մեծագոյն նուէրներն են…» (Դ. տարեգիրք)։
– Տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեան. «Եթէ կայ վայր մը ամբողջ Ամերիկայի մէջ, ուր ամէն հայ պէտք է այցելէ՝ հպարտանալու եւ ներշնչուելու համար անկէ, ատիկա Մեսրոպեան վարժարանն է»։
ՀԲԸ Միութեան նախագահ պրն. Ա. Մանուկեան, պատուակալ անդամներ՝ պրն. Է. Մարտիկեան եւ Գ. Խորիկեան։
Սիրելի հայրենակիցներ, յիշեցէք, որ այս յաղթական տասնամեակին հետ միջին հաշիւով կը լրանայ նաեւ Բ. Աշխարհամարտի բոլոր տարագիրներուն 25ամեակը։ Չմոռնանք մեր տուած խոստումները ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐ, պրն. Ճ. Մարտիկեանին։ Առաւել եռանդով շարունակենք ազգօգուտ աշխատանքը՝ յաջորդ 25ամեակին աւելի մեծ իրագործումներ արձանագրելու համար։
Նոյեմբեր 2, 1975