«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ Ասթանայի, Մոսկուայի, Երեւանի եւ Քիշնեւի փորձագէտները քննարկած են կրթութեան ոլորտի համագործակցութեան հարցերը եւ անդրադարձած ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կրթական համակարգի որակի բարելաւման նախագիծերուն:
«Սփութնիք Արմէնիա» միջազգային մամլոյ կեդրոնի կազմակերպած «Կրթութեան տարին ԱՊՀի մէջ. հնարաւորութիւններ երիտասարդ սերունդի համար» տեսակապի ժամանակ յայտարարուած է, որ Ռուսիոյ տարածքին հայկական դպրոցներ բանալու ուղղութեամբ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Ինչպէս պարզաբանեց Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Տիգրան Սահակեան, դպրոցներ պիտի բացուին հայաբնակ քաղաքներուն մէջ՝ Մոսկուայի, Ս. Փեթերզպուրկի, Սոչիի եւ Կրաստոտարի մէջ:
«Այժմ մենք ռուսական կողմին հետ կը քննարկենք համագործակցութեան ձեւաչափը. կամ պէտք է դպրոցներ եւ դասարաններ բանալ, կամ հայերէնով քանի մը առարկաներ ներմուծել հանրակրթական դպրոցներուն մէջ: Պէտք է հասկնալ, թէ ինչպէս պիտի գործէ փորձառական ծրագիրը՝ յետագայ համագործակցութիւնը պատկերացնելու համար», կը յայտնէ Սահակեան:
Տեսակապի ծիրին մէջ քննարկուեցաւ նաեւ պետութիւններու համագործակցութեան ուժեղացման, կրթութեան ոլորտին մէջ համատեղ նախագիծերու իրագործման, կրթութեան միասնական չափանիշներու մշակման կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով, որ 2016ը ԱՊՀ երկիրներուն մէջ Կրթութեան տարի հռչակուած է: