ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փետրուար 5ին կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն, որ խուսափին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանները այցելութիւններ կատարելէն, շրջանին մէջ «միջազգային եւ տեղական ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հետզհետէ սաստկացող ահաբեկչական յարձակումներու սպառնալիքին պատճառով»։
Յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ըլլայ նաեւ հեռու մնալու Սուրիոյ սահմանային շրջաններէն։