ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ.- Քրտական «Էյ.Էն.Էֆ. Նիուզ» լրատուական գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան Յունուար ամսուան ընթացքին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն հետ բախումներու ընթացքին սպաննուած են առնուազն 98 թուրք զինուորներ եւ ոստիկաններ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ բանակը Փետրուար 4ին հաղորդեց, թէ 2015ի Դեկտեմբերի սկիզբէն մինչ Փետրուար 3, թրքական բանակը սպաննած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ 526 զինեալներ: