ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը Իրանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին դասած է աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ տաճարներու շարքին:
«Այս հայկական եկեղեցին կը գտնուի Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը՝ բնակավայրերէ հեռու, կանաչ դաշտավայրի մէջ: Զայն տեսնելով կը համոզուիս, որ Իրանի մէջ միայն անապատներ եւ մզկիթներ չկան: Եկեղեցւոյ կամարները, որմնախորշերն ու գմբէթը զարդարուած են որմնանկարներով եւ քանդակներով: Շատեր կը հաւատան, որ եկեղեցւոյ մէջ կը պահուին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները», նշուծ է յօդուածին մէջ:
Հրապարակման մէջ յիշատակուած են նաեւ Ուքլիչի Սուրբ Տիմիթրի եկեղեցին, Ս. Փեթերզպուրկի Սպասի տաճարը, Փարիզի Սէն Շափելը, Լոնտոնի Ս. Բարդողիմէոսի եկեղեցին, Քեմպրիճի Քինկզ-Քոլեճ տաճարը, Եթովպիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, ճարտարապետական այլ գլուխ-գործոցներ: