ՀՅԴ Անթիլիասի (Լիբանան) «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 27 Դեկտեմբերի կէսօրին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի անուան սրահի բացման հանդիսութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սագօ Գասապեան: Ան յայտնեց, թէ տարի մը առաջ տրուած որոշումով ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէն ուզած է անմահացնել Բենօ Թոնդեանի յիշատակը եւ որոշած է ընկերոջ կուսակցական գործունէութիւնը ցոլացնող պատկեր մը կազմել եւ զայն մարմնացնել իւրայատուկ ձեւով, ուր ամէն ինչ պիտի երեւէր ընկեր Բենոյի իւրայատուկ շեշտուած համեստութեամբ եւ բնականաբար դաշնակցականի խս-տապահանջութեամբ:
Ան ներկաներուն յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս գիրքի եւ գրականութեան սիրահար ընկեր Բենոյի անձնական գիրքերը միախառնած են կոմիտէութեան հաւաքածոյին եւ նոյն առիթով կոմիտէութեան նուիրուած գիրքերուն ու կազմած գրադարանը, ապա պատը մատնանշելով, ցոյց տուաւ, թէ անիկա զարդարուած է դիմանկարներով 125ամեայ կուսակցութեան շարքերուն մէջ հրաշքներ գործած ընկերներուն, որոնք տարբեր սերունդներու կը պատկանին, բայց նոյն երդումը տուած են: Ան ըսաւ, որ այդ երդումը իրագործելու համար գործածուած է մոսին հրացանը, որուն տեսքը կը սարսափեցնէ շատեր, ապա աւելցուց, որ հռչակաւոր տասնոցը մեզի պիտի յիշեցնէ մեր փառաւոր անցեալը, իսկ ցուցադրուած ձեռագիրները շօշափելի են ընկերներու եւ մարմիններու միջեւ գոյացած յարգանքին ու կուսակցական կարգապահութեան, ապա մատնանշեց կեդրոնը գտնուող ոսկեզօծ զինանշանը, որ բոլորը կը հրաւիրէ զգաստանալու եւ ըսաւ. «Զգաստանանք եւ մեզի փոխանցուած աւանդը պահելով գործենք արժանապատուութեամբ: Այս է պատգամը, որ ստանալով ընկեր Բենոյէն, կը գործենք նաեւ ապագային: Հոն, ուր այսօրուան երիտասարդ սերունդը պիտի գործէ իբրեւ կայացած դաշնակցական, բարոյապաշտ սերունդ»:
Ելոյթ ունեցաւ օրուան պատգամախօս Յովսէփ Էսքիճեան: Ան նախքան ոգեկոչման խօսքի իր հիմնաւորումը կատարելը անհրաժեշտօրէն կարեւոր նկատեց գաղափարական ընկերոջ Դաշնակցութեան աւանդին նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը ընդգծել եւ լայն գիծերով բացայայտել անոր գործունէութեան դրսեւորման զուգադիպող՝ վերանկախացած Հայաստանի իշխանութեանց դիրքորոշումներուն եւ մեր կազմակերպութեան համար զգայուն եւ ճակատագրական ժամանակահատուածին Բենօ Թոնդեանին վերապահուած դերը՝ Թոնդեանի կանուխ պատանեկան ու երիտասարդական օրերէն մինչեւ կուսակցական պատասխանատուութեան ամենավերին օղակը, «Ն. Աղբալեան» կոմիտէութեան պարզ ընկերի հանգամանքէն մինչեւ ՀՅԴ Բիւրոյի հերթապահութիւն, մինչեւ ներկուսակցական կեանքի դժուար հանգրուաններ, մինչեւ վերանկախացած հպարտ Հայաստանի ղեկավար արիներուն ժխտական դիրքորոշման յայտնաբերումը մեր կազմակերպութեան հանդէպ, մինչեւ ՀՅԴ ԻԴ. Ընդհանուր ժողովի «Դէպի երկիր» նշանախօսով անկիւնադարձային որոշման կայացումը, մինչեւ Դաշնակցութեան բացայայտումը հայրենի երկրի ամբողջ տարածքին, տասնամեակներու ակամայ բացակայութենէն ետք, եւ այնուհետեւ ՀՅԴի արգիլումը Հայաստանի մէջ ու անոր Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի անարդարանալի արտաքսումը հանրապետութենէն՝ իշխող անփառունակ այրերուն որոշումով:
Յովսէփ Էսքիճեան նշեց, որ ի պատիւ Բենօ Թոնդեան դաշնակցական գաղափարական զինուորի հզօր դաստիարակութեան, ան միշտ ալ հաւատարիմ մնաց իր ներքին համոզումներուն, մինչեւ իր կեանքի վախճանը եւ այսուհետեւ ալ իր անունը կրող կուսակցական գրադարանին մէջ իբրեւ հոգեկան ներկայութիւն եւ ներշնչման անմեռ աղբիւր պիտի մնայ, ապա աւելցուց. «Ընկեր Բենօ Թոնդեան այսօր կու գայ վերյիշեցնելու ապրող եւ գործող կազմակերպական մեր բոլոր կառոյցներու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ մեր հաւատաւոր յանձնառու ընկերներուն, թէ մահ չէ գրուած Բենօ Թոնդեան ընկերոջ գաղափարական արմատացած ներկայութեան, Սփիւռքի մեր կառոյցներուն ամուր պահպանման եւ հայաստանեան ու արցախեան մեր կազմակերպական հզօրանքին»:
Յովսէփ Էսքիճեան ըսաւ, որ Բենօ Թոնդեան միշտ նախանձախնդիր էր ակամայ սփիւռքեան իրավիճակէն բխող ու ստեղծուած կառոյցները եւ կազմակերպական օղակները առողջ, ամուր, հզօր եւ դրականօրէն գործօն պահելու՝ ի զօրակցութիւն «Դէպի երկիր» վախճանական կայքի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի ամրագրուած որոշումին, ապա հաստատեց ըսելով, թէ Բենօ Թոնդեան սփիւռքեան կազմակերպական մեր կառոյցներու պահպանման եւ հզօրացման ջատագովը մնաց նոյնիսկ Բիւրոյի ներկայացուցչութեան վերին աստիճանի պատասխանատու պաշտօնավարման ընթացքին, երբ կազմակերպութիւնը նոր կը բացայայտուէր Հայաստանի մէջ եւ դժուար յաղթահարելի կացութիւններ կը դիմագրաւէր Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Իբրեւ եզրափակում Էսքիճեան անդրադարձաւ Բենօ Թոնդեանի նկարագրային ցայտուն գիծերուն՝ իբրեւ արժեւորում իր ներգործող անհատականութեան ամրութեան: Ան ըսաւ, որ Բենօ Թոնդեան ակադեմական պատրաստութեամբ ճարտարագէտ էր, տրամաբանող, սակաւախօս եւ սակայն հաստ ապակիներով ակնոցներուն մէջէն հոգիներ պեղելու կարողութեան տէր անձ էր:
Կացութիւններ ընբռնելու բնածին ձիրք ունեցող անհատականութիւն էր, ներհուն մտաւորական եւ ՀՅԴ ծրագիրի ու կանոնագիրի յօդուածներուն տրամադրութեանց անզուգական մեկնաբան եւ յանձնառու դաշնակցական:
Սփիւռքեան կազմակերպական կայացած կառոյցներուն հզօրացած գոյատեւման ջատագով՝ մինչեւ դաշնակցական ոգիի կատարեալ յաղթանակումը Հայաստանի տարածքին: Հայրենի երկրի ամբողջ տարածքին արժանապատիւ կեանքի հաստատման եւ յաղթանակման համոզուած հայորդի էր: Հայրենադարձութեան վախճանական նպատակի իրականացման յանձնառու գործիչ:
Անսակարկ զօրակցող Հայաստանի Հանրապետութեան առաւել կայացման եւ հզօրացումը ապահովելու ամէնօրեայ իր գործընթացին:
Իր խօսքի աւարտին Էսքիճեան ըսաւ. «Կը հաստատենք այսօր, որ Բենօ Թոնդեան անունը կրող դաշնակցական իւրայատուկ գրադարանի բացումը խթան պիտի դառնայ գաղափարական յանձնառու սերունդներու յայտնաբերման եւ ըլլայ զարգացման հնոց: Թող Բենօ Թոնդեան դաշնակցականի բարոյական կերպարը օրինակելի դառնայ մերօրեայ քաղաքական գործիչներուն ինքնասրբագրման եւ դաշնակցականացման ամէնօրեայ հոլովոյթին:
Թող իր յիշատակը ներշնչարան դառնայ հայութեան անկատար տենչերու գոյառումին եւ անկախ, ազատ ու միացեալ Հայաստանի մեր երազի իրականացման յանձնառու հայորդիներուն եւ շարքային դաշնակցական ընկերներու բազմացման աճումին եւ փաղանգացման»:
Նշենք, որ Աբիկ Աբրահամեան ներկայացուց հայկական երաժշտական գեղեցիկ կտոր մը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.