ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով 10 Դեկտեմբերին Պուէնոս Այրէսի մէջ ներկայ գտնուած է Արժանթինի նորընտիր նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիի երդմնակալութեան հանդիսաւոր արարողութեան, որմէ ետք հանդիպում ունեցած է անոր հետ։
Է. Շարմազանով նախագահին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը: Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ երկու բարեկամ պետութիւններուն յարաբերութիւնները ասկէ ետք եւս շարունակեն զարգանալ ու ամրապնդուիլ: