ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Անցնող շաբաթավերջին, Ամսթերտամէն Փարիզ ճամբայ ելած արագընթաց գնացքին մէջ ահաբեկչական արարք մը իրականացնելու պատրաստուող յանցագործին վրայ յարձակած առաջին անձը եղած է Սորպոնի համալսարանի անգլերէն լեզուի դասախօս Մարք Մուղալեանը, որ զինեալը կողմ հրելու ընթացքին վիրաւորուած է վիզէն: Անոր օգնութեան հասած են երեք այլ ամերիկացիներ եւ բրիտանացի մը, որոնք կրցած են ձերբակալել յանցագործը։
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ»ին համաձայն՝ միջադէպի ընթացքին 51ամեայ Մուղալեան կրցած է վնասազերծ ընել յանցագործը։ Անոր կողքին եղած է իր կինը, որ անվնաս մնացած է:
Մարք Մուղալեան կը բնակի Փարիզ, սակայն ծնած ու հասակ նետած է Վըրճինիա նահանգին մէջ:
Ըստ անոր կնոջ՝ ան այժմ հիւանդանոց կը մնայ եւ վիճակը կայուն է:
Յիշեցնենք, որ մարոքցի ահաբեկիչը երեք ուրիշներ վիրաւորած էր, իսկ Օգոստոս 24ին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Պատուոյ լեգէոնի սպայական շքանշաններ (Ֆրանսայի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւը) յանձնած է երեք ամերիկացիներուն եւ բրիտանացիին, իսկ Մարք Մուղալեան աւելի ուշ պիտի պարգեւատրուի:
«Ռիչմընտ Թայմզ Տիսփեչ» գրած է, թէ Մարքի հօրեղբայրը՝ Հերի Մուղալեան, թերթին ըսած է. «Մենք շատ հպարտ ենք իրմով», աւելցնելով, որ իր զարմիկը միշտ ազատատենչ եղած է։
Մուղալեան նկարիչ է, քանդակագործ ու երաժիշտ եւ իր կնոջ՝ Իզապելի հետ հիմնած է «Secret Season» երաժշտական խումբը:
I am just proud of your risky and
outstanding and courageous bravery,… I wish you a long life dear Mark .