ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Անցեալ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ ատրպէյճանցիները աշխուժօրէն շարունակած են տարբեր տրամաչափի հրետանային (60, 82 եւ 120 մմ.ոց ականանետներ) եւ հրաձգային զինատեսակներէ արձակուած կրակոցներով խախտել հրադադարի պահպանման կարգը:
Ատրպէյճանական կողմի աշխուժութիւնը ճնշելու նպատակով, ՀՀ պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) յառաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են պատասխան գործողութիւններու: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու՝ տեղի ունեցած փոխհրաձգութիւններուն հետեւանքով, հակառակորդի առնուազն 4 զինուոր սպաննուած է եւ 15էն աւելին՝ վիրաւորուած:
ՊԲ դիրքապահ անձնակազմը կը շարունակէ աչալրջօրէն վերահսկել ամբողջ առաջնագիծը եւ լուծել իրեն դիմաց դրուած մարտական խնդիրը: