ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արդէն 97րդ օրն է, որ պոլսահայեր կը պայքարին «Արմէն Ճամբար»ի քանդումը կանխելու համար: Օգոստոս 7ին, այս մասին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը տուած է «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան համանախագահ Սայաթ Թեքիր՝ նշելով, որ պետութիւնը հայ համայնքէն խլած է որբանոցի շէնքը: Ան յիշեցուցած է նաեւ, որ ճամբարին մէկ երրորդը արդէն իսկ քանդուած է:
«Մեր պահանջները հասցէագրուած են պետութեան, քանի որ անիկա մեզմէ գրաւած է որբանոցի տարածքը: Պետութիւնը կ՛առաջարկէ իր հսկողութեան տակ առնել ամբողջ որբանոցի տարածքը եւ մեզի տրամադրել անոր մէկ փոքրիկ հատուածը՝ ոչ աւել քան 40 տարի վարձակալման իրաւունքով», ըսած է Թեքիր:
«Մենք Հայաստանի բնակիչներէն աջակցութիւն կ՛ակնկալենք: Թուրքիոյ պետութեան կատարած բոլոր անարդարութիւնները յայտնի են դարձած նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Մեզի կ՛աջակցին նաեւ թուրքեր, քիւրտեր եւ ալաուիներ: Ո՛չ միայն Պոլիսէն, այլ նաեւ այլ քաղաքներէ մեզի աջակցութիւն կը յայտնեն», աւելցուցած է Թեքիր: