ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան Հայկական աւետարանական ամէնօրեայ վարժարանը Յուլիս 8ին կատարեց նոր շէնքի կառուցման հիմնարկէքը: Դպրոցի Շըրմըն Օքս գտնուող կառոյցը այսպիսով պիտի օժտուի նոր՝ Պէզճեան ընտանեկան շէնքով, որ իր 6840 քառակուսի ոտք տարածքով պիտի գայ փոխարինելու նախկին վարչական շէնքը:
Նոր կառոյցին մէջ իրենց տեղը պիտի ունենան գրադարանը, գիտական տարրալուծարանը, արուեստի սրահը, քանի մը դասարաններ եւ դպրոցի այլ կարիքները գոհացնող սենեակներ:
Այս նոր շէնքի կառուցումը կարելի կը դառնայ շնորհիւ Ալպերթ եւ Թէրի Պէզճեաններու մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութեան: Պէզճեանները սեփականատէրն են Կլենտէյլի «Ինտօ-Եուրոփիըն Ֆուտս» ընկերութեան:
Հիմնարկէքի արարողութիւնը սկիզբ առաւ դպրոցի խնամակալ մարմինի նախագահ տոքթ. Վահէ Նալպանտեանի բացման եւ շնորհակալական խօսքով: Իր աղօթքով ծրագիրը օրհնեց վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, որմէ ետք Ամերիկայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեան ոգեւորիչ ճառով մը հանդէս եկաւ՝ ընդգծելով Հայ աւետարանակչական կրթութեան կարեւորութիւնը:
Հիմնարկէքի արարողութիւնը աւարտեցաւ վերապատուելի Ռան Թովմասեանի աղօթքով, որմէ ետք ներկաները մասնակից եղան «Պուլղուրճեան» սրահին մէջ իրենց ի պատիւ պատրաստուած հիւրասիրութեան: