ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Էնդի Արմէնեան մասնակցած է քաղաքի շերիֆ Ճօ Լամպարտոյի հրաւիրած քննարկման՝ նուիրուած զուարճանքներու քաղաքին մէջ անվտանգութեան ապահովման ու զբօսաշրջութեան առնչուած հարցերուն:
Հանդիպման մասնակցած են Լաս Վեկասի մէջ գործունէութիւն կատարող երկիրներու պատուոյ հիւպատոսներ:
Հանդիպման ընթացքին շերիֆ Լոմպարտօ եւ հիւպատոս Արմէնեան խօսած են քաղաքին մէջ հայերուն ներկայութան մասին եւ շեշտած, որ տարեկան 250,000–300,000 հայ զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն Լաս Վեկաս: Շերիֆը նշած է, որ կան միջազգային շարք մը ուղղութիւններ, որոնք յառաջիկայ 12 ամսուան ընթացքին կը նախատեսեն կազմակերպել ուղիղ թռիչքներ դէպի Լաս Վեկաս:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ 2020ին արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելնայ 30 տոկոսով: Այս առումով պիտի աւելնայ նաեւ աշխատանքը համապատասխան դեսպանատուներուն, որոնք պէտք է կարողանան համակարգել զբօսաշրջիկներուն փաստաթղթային հարցերը: