6 Յուլիսի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագիրին բացումը՝ ներկայութեամբ 235 մասնակիցներու եւ անոնց ծնողներուն:
Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցեալ 16 տարիներուն, այս անգամ եւս «Ովասիս»ը լիուլի պիտի գոհացնէ ուրախ ամառնային ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը: Ան կոչ ուղղեց մասնակից մանուկներուն եւ պատանիներուն, որ «Ովասիս»ի շրջապատին մէջ իրարու հետ հաղորդակցին միայն ու միայն հայերէնով, կարելի եղածին չափ անսխալ եւ անխաթար, եւ այդպիսով արտայայտեն իրենց յարգանքը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ծանօթ է, որ «Ովասիս»ը դաստիարակչական ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած՝ 3-16 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 17րդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ցարդ «Ովասիս»ին մասնակցած է 3175 հոգի. այս տարի մասնակիցները ըստ տարիքի բաժնուած են երկու խումբերու՝ «Փոքր Մասիս» եւ «Մեծ Մասիս», որոնք իրենց հերթին ունին խմբակներ՝ հայկական գաւառներու եւ քաղաքներու անուններով:
«Ովասիս 2015»ը պիտի տեւէ մինչեւ 28 Օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով: Ովասիսական օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30ին եւ կ՛աւարտի կ.ե. ժամը 2ին: Այս տարուան ծրագիրին մէջ ներառուած են ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, շարժանիւթի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքեթպոլ, թենիս, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, ամառնային պարտականութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր: Իբրեւ ամէնէն հետաքրքրական նորութիւն, ովասիսականներուն պիտի ուսուցանուի «քարթունզ» նկարչութիւն, ղեկավարութեամբ՝ բազմատաղանդ եւ հանրայայտ արուեստագէտ Կիլպըրթ Սայմընի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.