Երեքշաբթի, Մայիս 19ին, Փարիզի 5րդ թաղամասի քաղաքապետարանին մէջ, պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան դասախօսութիւն մը կու տար «Լեռնային Ղարաբաղ. պատմութիւն եւ հեռանկարներ» նիւթով:
«Նոր Յառաջ» կը նկարագրէ պատահարը. «Աւարտին՝ հարցում-պատասխաններու բաժինին ընթացքին լսարանի մասնակիցներէն մէկը խօսք ուզեց: Բայց, ըստ երեւոյթին հարցում յղելու համար չէր: Արդարեւ, ենթական Նիկար Հիւսէյնովան էր՝ Ազէրպայճանի դեսպանատան աւագ խորհրդականը, որ եկած էր քանի մը «բարեկամ»ներով: Հարցում յղելու փոխարէն, ան սկսաւ ներկայացնելու ի՛ր դասախօսութիւնը, որ ողողուած էր ապատեղեկութիւններով եւ սխալներով, ներառեալ՝ Արցախի՝ իբրեւ թէ Ստալինի կողմէ, Ատրպէյճանի յանձնուած ըլլալու փաստը, այդ հաստատումը վերագրելով Քլոտ Մութաֆեանին, մինչ վերջինս ճիշդ հակառակը ըսած էր:
Անմիջապէս շփոթ կացութիւն մը ստեղծուեցաւ: Վիճարկումը վերածուեցաւ բուռն վիճաբանութեան, մինչ սրահին մէջ սկսաւ բարձրանալու ընդհանուր ժխոր, շատեր սկսան մեկնելու: Քլոտ Մութաֆեան յայտարարեց, թէ այդ պայմաններուն մէջ այլեւս չի փափաքիր շարունակել դասախօսութիւնը:
«Տիկին Հիւսէյնովա շատ կանուխէն սրահ եկած էր, իր զօրակիցներուն հետ տիրապետող դիրքեր գրաւելու համար: Անոնց մէջ էին «Objectif 21»ի անդամներ: Այս ընկերակցութեան կոչումը իբրեւ թէ «գործօն քաղաքացիութեան խթանում»ն է: Սակայն, իրականութեան մէջ, ան պարզապէս թրքական քարոզչութեան գործիք մըն է, ինչպէս թուրքերը իրենք իսկ կը հաստատեն, եւ ընկերակցութեան կայքին վրայ զետեղուած նիւթերն ալ կ՛ապացուցանեն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.