Եւրոպայի վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան (EBRD) ամէնամեայ հանդիպումներու եւ գործարար ժողովներու ծիրին մէջ, Մայիս 13-15 Վրաստան կը գտնուէր ազգային բարերար եւ հասարակական գործիչ, «Աիդեա» հիմնարկի ղեկավար Ռուբէն Վարդանեան:
Վարդանեան Մայիս 13ի համաժողովին հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ, որ մասնակիցներուն կողմէ ընդունուեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ:
Թիֆլիս այցելութեան ծիրին մէջ, Ռուբէն Վարդանեան, իբրեւ Թիֆլիսի առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, հանդիպեցաւ Թիֆլիսի քաղաքապետ Դաւիթ Նարմանիայի հետ, որուն հետ քննարկեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոկտեմբեր ամսուն նախատեսուած վերաբացման հետ կապուած կազմակերպչական հարցերը: Զրոյցին ընթացքին քաղաքապետ Նարմանիա արտայայտեց իր աջակցութիւնը եկեղեցւոյ վերաբացման առիթով նախատեսուող ծրագիրներուն:
Յաջորդ օրը՝ Մայիս 14ին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ հայազգի գործիչը ընդունեց առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, որ յանուն թիֆլիսահայ հաւատացեալներուն եւ հոգեւոր դասուն շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձուներուն եւ անձամբ Ռուբէն Վարդանեանին՝ վիրահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին աջակցութեան եւ պատմական-մշակութային կոթողներու նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութեան համար:
Սրբազանը Ռուբէն Վարդանեանի հետ միասին քննարկեց համայնքի հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական յետագայ ծրագիրները: Ռուբէն Վարդանեան հանդիպեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ շինարարներուն, վերականգնողներուն, ինչպէս նաեւ նախագիծի հեղինակներուն հետ: Ան գնահատանքի խօսքեր ուղղեց կատարուած աշխատանքներուն ամար եւ տուաւ իր բարձր գնահատականը եկեղեցւոյ վերանորոգման գործընթացին:
Նոյն օրը Վիրահայոց թեմի առաջնորդի ընկերակցութեամբ Ռուբէն Վարդանեան հանդիպեցաւ Վրաստանի կրօնի հարցերով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշախմաձէին: Պետական գործիչին հետ հանդիպման ժամանակ կողմերը քննարկեցին Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգչական աշխատանքներուն եւ եկեղեցւոյ վերաբերող այլ հարցեր: Գործակալութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու եկեղեցւոյ հանդիսաւոր բացման նախապատրաստութեան: Զրոյցին ընթացքին շօշափուեցան նաեւ տաճարի մերձակայ տարածքի ու բակի բարեկարգման հիմնական հարցերը:
Պարոն Զազա Վաշախմաձէ՝ ջերմօրէն ընդունելով հայազգի գործիչը, պատրաստակամութիւն յայտնեց Թիֆլիսի քաղաքապետարանին, Վրաստանի տնտեսութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն հետ միասին Հայոց եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան առաջադրած հարցերը քննարկելու եւ կարգաւորելու: