ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մայիս 12ի երեկոյեան, ժամը 7:30ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Էդուարդ Թոփչեանի, ելոյթ պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող աշխարհահռչակակ «Ուոլթ Տիզնի» համերգային սրահին մէջ:
Համերգը ձօնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի զոհերու յիշատակին: Պիտի կատարուին հայ եւ ռուս հանրայայտ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները:
Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել (818) 886-3481 թիւին: