ԱՆԳԱՐԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին 19 կուսակցութիւններ, երբ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին որոշումով, ընտրութեանց մասնակցելու դիմում կատարած 31 կուսակցութիւններէն 12ը դուրս մնացած են ընտրապայքարէն:
Հիմնական մրցակիցները դարձեալ կը նկատուին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.