2013ին, ամերիկահայերը դիմեցին «Քոքա Քոլա» եւ «Սիթիկրուփ» ընկերութիւններուն, կոչ ընելով խզելու բոլոր կապերը Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեամբ զբաղուող կազմակերպութիւններուն հետ: Գլխաւոր թիրախը Թուրք-ամերիկեան միութիւններու խորհուրդն էր, որուն հետ Քենթ սերտ կապեր ունի:
Նախորդ տարի հրապարակուեցաւ այն յայտնի թուրքերու անունները, որոնք պիտի մասնակցին 2015ին, ամերիկեան տարբեր նահանգներու մէջ կայանալիք հակահայկական ձեռնարկներու ու Քենթը «գլխաւոր հերոս»ներէն մէկը պէտք է ըլլար:
Սակայն, Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Վաթան» թերթը գրած է, թէ Ապրիլ 25ին Թուրք-ամերիկեան միութիւններու խորհուրդին կազմակերպած հակահայ հաւաքին չէ կրցած մասնակցիլ «Քոքա Քոլա»ի տնօրէնը, քանի որ միչեւ հաւաքին կազմակերպումը, Ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւնները պահանջած են «Քոքա-Քոլա»էն արգիլել իրենց ղեկավարի ելոյթը:
Ի դէպ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով նախագահ Պարաք Օպամայի խուսափողական քաղաքականութեան մէջ եւս, ըստ որոշ տուեալներու, մեծ ներդրում ունեցած է «Քոքա Քոլա»ի տնօրէն Քենթը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.