Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս անցեալ տարի, երբ վարչապետ էր, Ապրիլ 23ին հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ ցաւակցութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդին։
Տաւութօղլու իր պատգամի երկրորդ մասին մէջ դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան հեղինակները կրնան յայտնաբերուիլ ու ճշդուիլ, միայն թէ սխալ է յանցագործութիւնը միայն թուրք ժողովուրդին ուսերուն բեռցնել, մանաւանդ անոր կցել ատելութեան արտայայտութիւններ։
Տաւութօղլու ընդհանուր գիծերու մէջ հետեւեալ ձեւով արտայայտուեցաւ.
Ինչպէս անցեալ տարի նախագահ Էրտողան վարչապետի հանգամանքով ըսած էր իր Ապրիլ 23ի պատգամին մէջ, շատ աւելի նշանակալից կ՛ըլլար, որ Թուրքիա ու Հայաստան իրենց վայել արարողութեամբ մը միասնաբար ոգեկոչէին օսմանցի հայերուն յիշատակը։ Եթէ պատմութիւնը քաղաքականութեան ի նպաստ չշահագործուի, այն ատեն կարելի կ՛ըլլայ իրագործել այդպիսի հասուն եւ իմաստուն կեցուածք մը։ Անատոլուի հնօրեայ քաղաքակրթութիւնը մեզի սորվեցուցած է տէր կանգնիլ մեր պատմութեան, իրարու հետ յիշատակել մեր ուրախութիւններն ու ցաւերը, միասին փաթթել մեր վէրքերը եւ միասնաբար նայիլ դէպի ապագան։ Ինչպէս Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցին առթիւ Յունուար 20, 2015ին յայտարարած էի, անկարելի չէ որ երկու հաւաքականութիւնները զիրար հասկնան եւ ձեռք բերեն դէպի ապագայ միասնաբար նայելու հասունութիւն։ Այսօր ալ առանց խտրականութեան, յարգանքով կը յիշատակենք հարիւր տարի առաջ իրենց կեանքը կորսնցնողներուն յիշատակը։ Միաժամանակ կը հաւատանք որ, որպէսզի մեր ցաւերը թեթեւնան, պէտք է զոհերը յիշատակելու կարգին, պարկեշտութեամբ երես առ երես գալ պատմութեան հետ։
Կարելի է ճշդել ապրուած ցաւերուն պատճառներն ու պատասխանատուները։ Միայն թէ ո՛չ խղճմտանքով, ոչ ալ իրաւական տեսակէտէ ընդունելի է ամէն ինչ խտացնել մէկ բառի մէջ եւ պատասխանատուութիւնը միայն թուրք ժողովուրդին բեռցնել, նոյնիսկ անոր կցել ատելութեան արտայայտութիւններ։ Այսօր ալ միտքերու մէջ են 100 տարի առաջ թուրք եւ իսլամ օսմանցի հայրենակիցներու ապրած աքսորի եւ սպանդներու խորունկ հետքերը։ Այս ճշմարտութիւնը անտեսել, ցաւերու միջեւ խտրականութիւն ընել անընդունելի է ո՛չ միայն պատմական տեսանկիւնէ, այլ նաեւ խղճմտանքի տեսանկիւնէ։ Արդարեւ, ետին մնացած տարիները մեզի ցոյց տուին, որ որեւէ արդիւնք չէ ստացուած յիշողութիւններու միջեւ կայացած բախումներէն։ Ճշմարտութեան հասնելու համար կը բաւէ ունենալ արդար յիշողութիւն, զգացումի միասնութիւն եւ մէկզմէկու նկատմամբ յարգալիր լեզու։
Հարիւր տարի առաջ ուրախութեան եւ տխրութեան մէջ նոյն ճակատագիրը բաժնած երկու ժողովուրդներու որպէս թոռները, այժմ մեր վրայ կ՛իյնայ հարիւր տարուան վէրքերը փաթթելու եւ մարդկային մեր կապերը վերահաստատելու հասարակաց պատասխանատուութիւնը։ Թուրքիա անտարբեր պիտի չմնայ այս պատասխանատուութեան նկատմամբ, իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէ բարեկամութեան եւ հաշտութեան համար։ Բոլոր երրորդ կողմերուն ալ կոչ կ՛ընենք որպէսզի փոխանակ պատմական վէրքերը գրգռելու, իւրացնեն արդար յիշողութեան եւ հասարակաց խաղաղասէր ապագայի մը վրայ հիմնուած կեցուածք։ Այս զգացումներով եւ մտածումներով է որ յարգանքով անգամ մը եւս կ՛ոգեկոչենք 1915 թուականի տեղահանութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցնող օսմանեան հայերը եւ կը բաժնենք անոնց զաւակներուն եւ թոռներուն ցաւերը»։
Այս մասին «Մարմարա» կը գրէ. «Սխալ չէ ըսել, որ մինչեւ վերջին երկու տարիները, իշխանութիւնները երբեք հաշտ աչքով պիտի չնայէին, եթէ Թուրքիոյ հայերը Ապրիլ 24ին կրօնական մասնաւոր արարողութիւն կատարէին ի յիշատակ 1915ի զոհերուն։ Այս տարի իշխանութիւնները կողմնակից են որ այդպիսի արարողութիւն մը կատարուի։ Այս արարողութիւնը պիտի կատարուի ու անտարակոյս այս անգամ, առաջին անգամ ըլլալով, մեր հաւատացեալները հանգիստ սրտով ներկայ պիտի գտնուին ու իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ոգեկոչման արարողութեան։ Վարչապետ Տաւութօղլու մասնաւոր կերպով ըսած է, որ սխալ է ամէն ինչ խտացնել մէկ բառի մէջ, ու ատոր կցել ատելութեան արտայայտութիւններ։ Հասկնալի է, որ այս մէկ բառը «Ցեղասպանութիւն» բառն է։ Այլ խօսքով, ան շատ բան կ՛ընդունի 1915ի մասին, բացի ցեղասպանութիւն բառէն։ Եւ Տաւութօղլու, որուն պատգամը բաւական կը հակասէ նախագահ Էրտողանի կողմէ Իզմիթի մէջ երկու օր առաջ արտասանուած շատ խիստ խօսքերուն, նմանապէս ըսել
ՀԱՅ ԴԱՏԸ «ԿԵՂԾ»
Կ՛ՈՐԱԿԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ
ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան «կեղծ» որակեց Տաւութօղլուի ցաւակցութիւնը, նշելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներու տարափին տակ, Անգարա որոշած է ուրացման ջանքերը կրկնապատկել՝ աւելցնելով, որ Տաւութօղլուի յայտարարութեան մէջ ոչինչ ըսուած է իրականութիւնը ընդունելու, պատասխանատուութիւն ստանձնելու, ներողութիւն յայտնելու եւ հատուցումներ առաջադրելու մասին։
«Ապրիլ 24ին, նախագահ Պարաք Օպամա պատմական առիթը ունի դէմ դնելու զինք լռութեան մատնող Թուրքիոյ ջանքերուն՝ վերջ դնելու Անգարայի ուրացման արշաւին իր ամօթալի մեղակցութեան, որպէսզի Թուր-քիա, Հայաստան եւ ամբողջ տարածաշրջանը յառաջանան դէպի աւելի լաւ ապագայ մը, հիմնուած այս ոճիրին ճշմարտացի եւ արդար լուծման վրայ», աւելցուցած է Արամ Համբարեան։
«1915Ի ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐԸ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ». ԱՐԸՆՉ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ապրիլ 20ի գիշերը, Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի ժողովէն ու Տաւութօղլուի յայտարարութենէն ետք, մամուլին բացատրութիւններ տուաւ կառավարութեան խօսնակ Պիւլենտ Արընչ, որ Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ եղած հարցումի մը պատասխանելով կրկնեց, որ կարելի չէ 1915ի պատահարները կոչել «Ցեղասպանութիւն»։
«Ասիկա միայն Ապրիլ 24ին քննուելիք խնդիր մը չէ։ Ինչպէս, որ մենք Կալիփոլիի յաղթանակը կը տօնենք, հայկական Սփիւռքն ալ Ապրիլ 24ը կը նշէ։ Մեր պատմութեան մէջ սեւ արատ չկայ։ Մենք դիտաւորեալ ցեղասպանութիւն չենք գործադրած, ցեղասպանութիւն գործադրողները յայտնի են։ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ ապրածները չեն մտներ ՄԱԿի բացատրութեան մէջ։ Այս մասին միաձայնութիւն արտայայտեցին Թուրքիոյ բոլոր կուսակցութիւնները, բացի Ժողովուրդներու «ժողովրդավարութիւն» կուսակցութենէն, որ իրեն յատուկ տեսակէտները ունի։ Ժողովուրդն է, որ պիտի ճշդէ թէ կուսակցութեան մը որքա՞ն վայել է ցեղասպանութեան տեսակէտը պաշտպանել», ըսաւ Արընչ։