
ՎԻԵՆՆԱ.- «Հայերն Այսօր».- Աւստրիոյ խորհրդարանը Ապրիլ 21ի առաւօտեան ընդունեց յայտարարութիւն, որ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ընէ առերեսուելու իր անցեալի սեւ էջերուն հետ. այս մասին «Սիւիլնե»չին յայտնած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Աւստրոհունգարիան, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցը, կը կրէ կատարուածի պատմական պատասխանատուութիւնը: Խորհրդարանական խմբակցութիւններու համատեղ յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուին նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ զոհուած այլ քրիստոնեաներու՝ ասորիներու, արամէացիներու, Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնները:
Փաստաթուղթը կը նշէ, որ Աւստրիա պարտաւոր է կատարուածը ցեղասպանութիւն որակելու եւ դատապարտելու:
«Թուրքիոյ կոչ կը կատարուի իր մութ անցեալի ցաւալի էջերը փակելու եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ջարդերը ցեղասպանութիւն ճանչնալու, քանի որ ազատութեան, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու մեր անօտարելի արժէքները անմիջականօրէն կապ ունին բռնութեան, տեղահանումներուն եւ զանգուածային սպանութիւններուն զոհ գացածներու յիշատակը յարգելու հետ»,- գրուած է փաստաթուղթին մէջ:
Նախապէս News.am-ը յայտնած էր, որ Աւստրիոյ Ժողովրդական կուսակցութիւնը (ՃVP) ու Աւստրիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը (SPճ) խորհրդարանի լիագումար նիստի ժամանակ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ պիտի ներկայացնեն: Փաստաթուղթը խորհրդարանի քննարկման դնելու առաջարկով հանդէս եկած են ՃVP խմբակցութեան ղեկավար Ռայնհոլտ Լոպատկան եւ SPճ-ի անդամ Անտրէաս Շիտըրը:
Ապրիլ 22ին Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյ, որ պիտի բացուի մէկ վայրկեան լռութեամբ: