ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ հայ եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց, Ուրբաթ, Մարտ 6ին, United Armenian Congregational եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ Կանանց համաշխարհային աղօթքի օրը։ Այս տարի ձեռնարկը կը նշէր իր 45րդ տարեդարձը:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանի, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի, ներկայ եղաւ արարողութեան: Ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներէն Թերէզ Քեմանճեան:
Այս տարուան բնաբանը՝ «Գիտէ՞ք, թէ ինչ ըրի»ն, քաղուած է Յովհաննու Աւետարանի 13րդ գլուխի 12րդ համարէն. այս հարցումը Յիսուսի կողմէ աշակերտներուն ուղղուեցաւ Ոտնլուայէն ետք:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր աղօթքներ, Սուրբ Գրային ընթերցումներ, սաղմոսներ, շարականներ, խորհրդածութիւններ եւ պատգամներ: Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ նաեւ կատարեց փակման աղօթքը:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Աւազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ի յիշատակ ձեռնարկի հիմնադիր անդամ Ազնիւ Աբգարեանի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.