Տիգրան Համասեան ծնած է Հայաստան, տեղափոխուած է Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք, այնուհետեւ վերադարձած հայրենիք՝ իր արմատներուն հետ ընդելուզուելու համար: Ան իր նոր «Mockroot» սկաւառակի պատրաստութեան ընթացքին մասամբ ներշնչուած է Պետրոս Դուրեանի ստեղծագործութիւններէն:
Համասեան կ՛ըսէ, որ կարիք չկայ օգտագործելու Դուրեանի բանաստեղծութիւնները՝ գրողին շունչը փոխանցելու համար: Բանաստեղծին ոտանաւորներուն հիման վրայ ստեղծուած երգերը կը մեկնաբանուին յօրինուած հնչիւններով, որոնք ոեւէ յատուկ լեզուով պէտք չէ ըլլան բանաստեղծին էութիւնը բացայայտելու համար:
«Բոլորը նրան չափազանց շատ տխուր եւ մռայլ են համարում, բայց ես համաձայն չեմ: Նա բանաստեղծութիւններ ունի, որոնք մռայլ են, բայց նրա բոլոր բանաստեղծութիւններում լոյս կայ. նրան կարդալուց յետոյ լուսաւորւում ես եւ կեանքով լցւում», կ՛ըսէ Համասեան:
Աշխարհահռչակ դաշնակահար եւ յօրինող Տիգրան Համասեան հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է իր հայրենի փոքր երկրին մռայլ պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ այն մասին, որ ինչո՛ւ կը կարծէ, թէ դաշնամուրի աւանդական մօտեցումները կ՛անտեսեն այդ գործիքի բազմաթիւ կարելիութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.