ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 25 Յունուարին, կ.ե. ժամը 1ին, Համագաղութային դպրոցին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 30 հայրենակիցներու:
Ժողովէն առաջ, վարչութիւնը ճաշով հիւրասիրեց ներկաները, որոնք բոլորուած սեղաններու շուրջ՝ համով-հոտով ճաշակեցին, զրուցեցին եւ անցեալի քաղցր յիշատակներու ծրարը բացին:
Վարչութեան ատենապետ Նշան Տէր Գալուստեան, հրաւիրելով ներկաները՝ ժողովը բացուած յայտարարեց եւ իւրաքանչիւր անդամի փոխանցեց ժողովի օրակարգն ու 2014 տարեշրջանի նիւթական տեղեկագիրը:
Ներկաները ձեռամբարձ քուէարկութեամբ ընտրեցին ժողովի դիւանը՝ հետեւեալ կազմով. նախագահ՝ Սարգիս Փանոսեան, ատենադպիր՝ Հրաչ Ակիւլեան:
Դիւանը իր աշխատանքներուն սկսելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենակիցներուն եւ անոնց ուշադրութեան յանձնեց, թէ «կ՛ապրինք օտար ափերու վրայ, եւ օրէ օր կը նօսրանան մեր շարքերը, կը գունատին մեր աւանդութիւնները, պատմական եւ հերոսական դրուագները. այս տարի, ինչպէս գիտէք, 100ամեակն է հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ ամէնուրեք՝ Հայաստան, Այնճար եւ Սփիւռքի տարածքին, մեծ հանդիսութիւններով պիտի ոգեկոչուին մեր նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Մուսա լերան բարձունքին նահատակուած 18 հերոսներու յիշատակը: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, պէտք է գօտեպնդուիլ եւ մեր արդար բաժինը բերել համագաղութային ոգեկոչումներուն։ 2015ը հայ ժողովուրդին համար պատմական եւ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող թուական մը պիտի հանդիսանայ, որովհետեւ հայրենիքէն ձայնը հնչած է՝ «Զարթի՛ր, գոչեց ձայնն հայրենեաց»»:
Ժողովը իր ընթացքը շարունակելով՝ յանձնախումբերու ընտրութիւն կատարեց: Ժողովականներու փափաքին ընդառաջելով՝ արխիւային, հաշուեքննիչ եւ բանաձեւի համար մէկ յանձնախումբ ընտրուեցաւ. միաձայնութեամբ այդ յանձնախումբին անդամներ ընտրուեցան Յովհաննէս Գարիկեանն ու Ճորճ Քէրքէզեանը:
Վարչութեան 2014ի գործունէութեան տեղեկագիրը ներկայացուց վարչութեան քարտուղարուհի Եւգօ Գարիկեանը, իսկ նիւթական հաշուեկշիռը՝ գանձապահի բանաւոր բացակայութեան պատճառով՝ Արա Քենտիրճեանը:
Ներկաները, լսելէ ետք երկու տեղեկագիրները, վարչութեան ուղղեցին հարցումներ, որոնց տրուեցաւ յարմար բացատրութիւն:
Յանձնախումբի անդամները, քննելէ ետք վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, վարչութեան գործունէութիւնը գտան գերգնահատելի: Ժողովականները ծափերով իրենց հաւանութիւնը յայտնեցին:
Վարչութեան ընտրութենէն առաջ, ներկաները փափաքեցան նոյն կազմը պահել 2015ի տարեշրջանին համար։ Միայն անոնք, որոնք երկու տարի իրենց շրջանը կատարած են եւ չեն ուզեր շարունակել, անոնց փոխարէն նոր անդամներ ընտրուեցան։ Երկու տարի իրենց աշխատանքը կատարած էին Սիմա Ստամպուլեան, Վարուժան Քէրքէզեան եւ Մովսէս Պոյաճեան։ Մովսէս պիտի շարունակէ, իսկ Վարուժանն ու Սիման, բանաւոր պատճառով չուզեցին շարունակել։ Զիրենք փոխարինեցին Ճորճ Քէրքէզեանն ու Անէթ Ակիւլեանը:
Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան 2015 տարեշրջանի վարչական կազմը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
Նշան Տէր Գալուստեան (ատենապետ), Ճորճ Քէրքէզեան (փոխատենապետ), Մովսէս Պոյաճեան (գանձապահ), Եւգօ Գարիկեան (ատենադպիր) եւ Արա Քենտիրճեան, Սալբի Այտըմ, Անէթ Ակիւլեան (խորհրդականներ)։
Նորընտիր վարչութեան եղան հետեւեալ առաջարկները.
ա. 100ամեակին առիթով կապ հաստատել Այնճարի եւ Հայաստանի մուսալեռցիներուն հետ.
բ. Կապ հաստատել բոլոր Մուսա լերան հայրենակցական միութիւններուն հետ, Հայաստան եւ Սփիւռքի տարածքին, եւ խնդրել ընտանիքներու հասցէներն ու թիւը, կազմելու համար Մուսա լերան ժողովուրդի թուական պատկերը:
գ. 100ամեակին առիթով ձեռնարկներ կազմակերպել, Մուսա լերան ժողովուրդի աւանդութիւնները՝ երգ, պար, զրոյցներ եւ տոհմիկ կերակուրներ, ժողովուրդին հրամցնելով:
Դիւանի նախագահ Ս. Փանոսեան, յաջողութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն մաղթելէ ետք նորընտիր վարչութեան, ժամը 3։30ին ժողովը փակուած յայտարարեց: