Ծրագրուած ընթրիք-նաւապտոյտը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 1 Մարտ 2015ին: Մեկնումը՝ Նիւփորթ Պիչ նաւահանգիստէն, կ.ե. ժամը 4ին: Ձեռնարկի հիւր դասախօսն է Ջաւախքի ծնունդ եւ պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, իսկ պատուոյ հիւրերը՝ տէր եւ տոքթ. Ալէք եւ Ալենոյշ Բաղդասարեանները:
«Մեր համայնքը եւ ազգը բախտաւոր է, որ ունի Ալէք եւ Ալենոյշ Բաղդասարեաններու նման անձնաւորութիւններ, որոնք կը զօրակցին եւ կը նուիրեն բազմաթիւ կարեւոր դատերու: Անոնք ոչ միայն քաղաքավար, անձնուրաց եւ ազնիւ անհատներ են, այլեւ՝ տեսլական ունեցող հայորդիներ», ըսաւ «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան:
Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան «Ջաւախքի անցեալը, ներկան եւ ապագան» նիւթին մասին պիտի դասախօսէ Կլենտէյլի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ.
– Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանէն ներս, հասցէ՝ 222 E. Harvard St., Glendale.
– Կիրակի, Մարտ 8, 2015ին, Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք (կ.ե. ժամը 1:30ի շուրջ), «Վասպուրական» սրահէն ներս, հասցէ՝ 51 Commonwealth Ave., San Francisco։
Մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը, կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.