ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու միութեան Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղին (AGBU-YPNC) կազմակերպութեամբ, Փետրուար 13-15ի շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ 15րդ ձմեռնային աւանդական հաւաքը, որուն հասոյթէն մաս մը պիտի տրամադրուի Սուրիոյ եւ Իրաքի քաղաքացիական պատերազմէն տուժած հայերուն: Հաւաքը ի մի պիտի բերէ հարիւրաւոր հայ արհեստավարժներ:
Ուրբաթ, Փետրուար 13ին տեղի պիտի ունենայ բարի գալուստի խրախճանք, «Սըր Ֆրենսիս Տրէյք» պանդոկի սրահին մէջ, ապա հաւաքոյթը պիտի շարունակուի «Venue550» պարասրահին մէջ, առաջնորդութեամբ «Տի.Ճէյ. Միքի Թեն»ի:
Շաբաթ օր դէպի Նափա հովիտի այգիները հետաքրքրական պտոյտ մը ծրագրուած է։
Հաւաքը Կիրակի առաւօտեան պիտի աւարտի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հետիոտն պտոյտով մը, իսկ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-պարահանդէս՝ առաջնորդութեամբ «Տի.Ճէյ. Ռաֆֆի»ին։
Մանրամասնութեանց համար, այցելել www.agbusfgala.org համացանցային կայքը, կամ դիմել agbuypnc@gmail.com հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.