Թեմիս Սուրբ Գրոց սերտողութեան խմբակներու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ-հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունուար 11, 2015ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ։
Ճաշկերոյթը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Ներկայ էին թեմիս քոյր եկեղեցիներու հաւատացեալ քոյրերը եւ եղբայրները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մանօ Դիշոյեան։
Տէր հօր աղօթքով եւ սեղաններու օրհնութեամբ սկսաւ տօնախմբութիւնը։ Գրիգոր Մսըրլեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին՝ յիշեցնելով, թէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը մեզի իբրեւ ուղեցոյց պէտք է ծառայեն Աստուծոյ Ծնունդն ու մարդացումը իմանալու։ Ան յայտնեց, թէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին իր դարաւոր աւանդութիւնը անխախտ պահած է՝ տօնելով այս զոյգ պատմական տօները միասնաբար, Յունուար 6ին։ Ապա հրաւիրեց Յակոբ Տիգրանեանը՝ վարելու համար օրուան յայտագիրը։
Յակոբ Տիգրանեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, «Ղուկասեան» սրահը մեզի տրամադրելուն համար, ապա հրաւիրեց Նուարդ Պալըքճեանը, Մարի Եաղմուրեանը եւ Վիքի Թըրնըրը, որոնք իրենց գեղեցիկ ձայներով երգեցին Սուրբ Ծննդեան «Ո ՜վ զարմանալի» եւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականները, բոլորին հոգեկան գոհունակութիւն պատճառելով։
Սագօ Կենճեան եւ Հրաչ Եսայեան իրենց նուագարաններու ընկերակցութեամբ երգեցին «Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր»ը՝ տօնական ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով։
Յաջորդիւ, Շաքէ Սեդրակեան եւ Էմմա Նովշադեան հայերէնով, իսկ Շանթ Արսլանեան եւ Ցոլակ Չնկըրեան՝ անգլերէնով, ընթերցեցին Մատթէոս Աւետարանի Բ. գլուխէն 1-12 համարները, ուր Առաքեալը կը նկարագրէ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, մոգերու այցելութիւնը, պաշտամունքը եւ նուէրներու ընծայումը մանուկ Յիսուսին։
Մարկօ Պաղճաճեան եւ Զեփիւռ Եագինեան կարդացին Հին Կտակարանէն Միքիա եւ Եսայիա մարգարէներու մարգարէութիւնները։ Իսկ Սօսի Կապրիէլ, իր գեղեցիկ առոգանութեամբ ընթերցեց Մուշեղ Իշխանի «Բեթղեհէմի Աստղը» բանաստեղծութիւնը։
Հայերէն լեզուով իր պատգամը տուաւ Նայիրի Գոճապապեանը։ Ան հաստատեց, թէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը նախատեսուած էր Հին Կտակարանի մարգարէներուն կողմէ՝ Մովսէսի, Եսայիայի ու Միքիայի գրութիւններով, Իր ծնունդէն դարեր առաջ։ Ան եզրակացուց իր պատգամը՝ ըսելով. «Ո՛վ Անոր հաւատայ, պիտի չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ»։ Դադարի ժամանակ հարց-պատասխանի մրցում տեղի ունեցաւ եւ ճիշդ պատասխանողները նուէրներ ստացան։ Եղբայրներ Սագօ եւ Հրաչ դարձեալ նուագեցեցին ու երգեցին «Լսեցէք, կ՛երգեն հրեշտակները» եւ «Ծափ զարկ աշխարհ» երգերը։
Արփի Կիտցինեան կարդաց Մուշեղ Իշխանի «Նոր Տարի» բանաստեղծութիւնը, ուր բանաստեղծը կը բաղդատէ հին տարին նոր տարուան հետ։ Ապա անգլերէնով իր Սուրբ Ծննդեան պատգամը տուաւ սերտողութեան մեր երիտասարդ անդամներէն Յարութ Մեսրոպեան։ Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ծնաւ Յիսուս Քրիստոս. պատասխանը եղաւ՝ մեր մեղքերէն ազատելու համար մեզ։ Ան իր պատգամը եզրակացուց ըսելով, թէ մեր քրիստոնէական կեանքը ուխտաւորի մը նման է, եւ մեր Տիրոջ աստուածայայտնութիւնը հիմնական նպատակ ունէր՝ վերջ դնել սատանայի իշխանութեան։ Պատգամը արժանացաւ ջերմ գնահատանքի։
Լուսաբեր Գապագլեան եւ Հերմինէ Սանտճեան՝ հայերենով, իսկ Զուարթ Մէրմէրեան ու Սեդա Տէմպէքճեան՝ անգլերէնով, ընթերցեցին Ղուկաս ու Աւետարանի Բ. գլուխէն 2-15 համարները, ուր Առաքեալը կը նկարագրէ Աստուծոյ փառքի ծագումը հովիւներուն վրայ։ Ապա Վերա Գապագլեան եւ Զեփիւռ Եագինեան ամբողջացուցին Ղուկաս Աւետարանի Բ. գլխու ընթերցումը։
Յայտագիրի աւարտին, տէր Գարեգին իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց ժողովուրդին, այս գեղեցիկ հաւաքոյթին առթիւ, եւ յայտնեց իր գնահատանքը։
«Կիլիկիա» խմբերգով վերջ գտաւ Ս. Ծննդեան սիրոյ ճաշը։ Սրտաբուխ նուիրատուութեանց գումարը յանձնուեցաւ հոգաբարձութեան, ի պայծառութիւն Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։
(Ներկայ մը)